Մեծ Եւ Կարեւոր Նուաճում Մը` ՀՄԸՄ-ի Ընտանիքին Եւ Լիբանանահայութեան Համար. Վահագն Զարմէնեան 15 Օրուան Յատուկ Բանակումի Մը Համար Մեկնեցաւ Փորթուգալ
04 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ:
Երէկ` չորեքշաբթի, 3 յուլիսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն փորթուգալեան Փորթօ քաղաքը մեկնեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային մաս կազմող, ապագայ խոստացող փոքրիկն Վահագն Զարմէնեան:
Վստահաբար շատերը տեղեակ չեն ՀՄԸՄ-ի փոքրիկ ֆութպոլիստին եւ ոչ ալ անոր մեկնումին մասին:
«Պի. Սփորթց» ակադեմիան, որ կը գտնուի Փորթոյի մէջ (Փարտեսի շրջան), միջազգային հանրածանօթ ակադեմիա մըն է, փոքրիկ տաղանդաւոր ֆութպոլիստներ կը հաւաքէ աշխարհի տարածքէն եւ զանոնք մարզելով կը պատրաստէ ապագայի անուանի ֆութպոլիստներ:
Վահագն Զարմէնեան Փորթոյի մէջ պիտի հետեւի 15 օրուան յատուկ փորձերու (օրական դրութեամբ քանի մը անգամ), որոնց ընթացքին ֆութպոլի մասնագէտներ անոր եւ այլ ֆութպոլիստներու տաղանդները պիտի յայտնաբերեն:
«Պի. Սփորթց»-ի նախագահ Մարիօ Քոսթա եւ թեքնիք տնօրէն Փեթրօ Լեթիշ Լիբանան այցելելով մօտէն հետեւեցան Վահագն Զարմէնեանի ունեցած տաղանդին եւ հանդիպում մը ունենալով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեանին հետ յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը, փոքրիկ ֆութպոլիստը 15 օրուան համար բանակումի տանելու իրենց հետ:
Բնականաբար, ասիկա մեծ եւ կարեւոր նուաճում մըն է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ լիբանանահայութեան համար:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ջանքերով արձանագրուած այս նուաճումը կու գայ փաստելու, որ մեծ գուրգուրանք կը տարուի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նկատմամբ, որոնք հետագային կրնան դառնալ աստղեր:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Վահագն Զարմէնեանին:
Շնորհաւորանքի յատուկ խօսք մըն ալ կ՛երթայ նաեւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզիչ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին ֆութպոլիստ Վաչէ Սարգիսեանին, որ մօտէն կը հետաքրքրուի փոքրիկ ֆութպոլիստներով:
aztagdaily.com/archives/444241?