Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովը Կ՛եզրափակէ Իր Եռօրեայ Աշխատանքները

05 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առած Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը երէկ` հինգշաբթի, 4 յուլիս 2019-ի կէսօրին եզրափակեց իր աշխատանքները:

Թ. նիստին ընդհանուր նիւթն էր «Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը», իսկ ատենապետը` Սեդա Խտըշեան, որ անդրադարձաւ մամուլին դերակատարութեան` ընդհանրապէս հայկական ինքնութեան պահպանման եւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ մամուլը պետութեան կամ կազմակերպութեան մը թաքուն կարողութեամբ օժտուած զէնքն է, կը բազմապատկէ եւ դէպի պատերազմ կ՛առաջնորդէ զանգուածներ: Ասկէ մեկնելով` ան դիտել տուաւ, թէ հայ մամուլի պատասխանատուները պարտին գիտակցիլ իրենց դերակատարութեան եւ այդ հիման վրայ գործել ու առաջնորդել ժողովուրդը:

Առաջին զեկուցաբերն էր Յակոբ Ասատրեան` «Հայ մամուլի մարտահրաւէրները. սփիւռքահայ մամուլի հիմնադրամի անհրաժեշտութիւնը» նիւթով: Ան անդրադարձաւ հայ մամուլի մարտահրաւէրներուն` մէջբերելով 10 տարի առաջ «Օրեր» ամսագիրին մէջ տպագրուած հայ մամուլի խմբագիրներուն կարծիքները, որոնք տակաւին կը շարունակեն մնալ նոյնը: Ըստ անոր, Հայաստանի խմբագիրները նշած են խօսքի ազատութեան, մամուլի սեփականատէրերու եւ լրագրողական պատրաստութեան խնդիրները, իսկ սփիւռքահայ խմբագիրները` հայատառ մամուլի լեզուի պահպանութեան եւ ֆինանսական հարցերը: Յ. Ասատրեան առաջարկեց սփիւռքահայ մամուլի աջակցութեան հիմնադրամ ստեղծել, որպէսզի այդ դրամաշնորհները օժանդակեն հայ մամուլի գոյատեւման: Ան նշեց, որ այլ տարբերակ է նաեւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցներէն հայ մամուլին աջակցութիւն ցուցաբերուի:

Երկրորդ զեկուցաբերը` Արամ Շահնազարեան, իբրեւ նիւթ ունեցաւ «Հայ մամուլի դերը պահանջատիրական պայքարի նպատակներու սահմանման, յստակացման եւ հանրահռչակման գործին մէջ»: Ան դիտել տուաւ, որ, ընդհանրապէս Հայ դատի պայքարի եւ պահանջատիրութեան ընկալման ոչ ճշգրիտ կամ ոչ ամբողջական մօտեցում գոյութիւն ունի` շեշտելով, որ պէտք է անպայման նկատի ունենալ մարդկային, տարածքային, քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւական իրաւունքներու ամբողջական իւրացումը, բարոյական, նիւթական եւ հողային հատուցումը: Շահնազարեան շեշտը դրաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պահանջատիրական պայքարի ընկալման տարբերութիւններուն վրայ` մամուլը շատ յարմար եւ օգտակար հարթակ նկատելով այս թղթածրարի մանրամասն յստակացում ու ուղղութիւն տալու, երկխօսութեան թատերաբեմ ըլլալու` հասարակական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ: Զեկուցաբերը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի վերջին տագնապներու լոյսին տակ շրջանի քարտէսը վերաձեւաւորելու մեծ հաւանականութեան` հաստատելով, որ հայութիւնը ազգովին պէտք է պատրաստ ըլլայ նման փոփոխութեան եւ լաւագոյնս օգտագործէ այս պատմական առիթը, իսկ այդ ուղիին վրայ մամուլը մեծ դերակատարութիւն ունի:

Նիստը եզրափակեց Նազարէթ Պէրպէրեան` «Ազդակ»-ի ներդրումը «Հայկական պահանջատիրութեան յղացքի տարազումին եւ գաղափարական հունաւորման մէջ» նիւթով: Ան հաստատեց, որ աւելի քան երկու դարու իր երթին ընթացքին հայ մամուլը անվեհեր յառաջապահն ու անդաւաճան դրօշակիրը հանդիսացած է ազգային-հասարակական եւ պետական-քաղաքական ինքնաճանաչման, ինքնահաստատման ու ազատագրութեան յաղթարշաւին` վերջին աւելի քան յիսուն տարիներուն յառաջամարտիկը հանդիսանալով հայ ազգային պահանջատիրութեան: Զեկուցաբերը շեշտեց, որ լիբանանահայ մամուլը ընդհանրապէս վճռորոշ դեր ունեցաւ Հայ դատի հետապնդման յաղթարշաւին սկսելու, զայն վերանորոգելու եւ մարտունակ պահանջատիրութեամբ յառաջ մղելու զարթօնքին մէջ: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ «Ազդակ»-ի դերակատարութիւնը` մանրամասն անդրադառնալով ճակատագրական տարբեր ժամանակներու թերթին կատարած նախաձեռնութիւններուն, որոնք ծառայեցին ժողովուրդը իր պահանջատիրութեան մէջ սուգէն եւ փակ սրահներէն դէպի փողոց ու միջազգային ասպարէզ տանելու, պահանջատէր հայ հասարակութիւն, յատկապէս մարտունակ երիտասարդութիւն պատրաստելու, միտք կոփելու, հայապահպանման աշխատանք տանելու, Հայ դատի քարոզչութիւն կատարելու, հայկական պահանջատիրութեան յղացքը բանաձեւելու եւ գաղափարաբանութիւն տարածելու: Ն. Պէրպէրեան հաստատեց, որ իր գործունէութեան ընթացքին «Ազդակ»-ի ներդրումը վճռորոշ եղաւ համազգային շրջադարձային տարբեր պահերու:

Վերջին նիստին համագումարի մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկները:

Կարօ Աբրահամեան ժողովին փոխանցեց Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեանի ողջոյնները` նշելով, որ ան առողջական պատճառներով չէ կրցած մասնակցիլ համագումարին:

Ժողովը եզրափակուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքով, որուն մէջ շեշտը դրաւ լրագրողներուն համախմբման ծառայած այս համագումարին վրայ` նշելով, որ որքան միասին ըլլան հայ ազգի զաւակները, այնքան կը զօրանան եւ ազգային իտէալներու նկատմամբ կ՛ամրապնդուին:

Ան ըսաւ, թէ մամուլը նուիրական արժէք է, եւ համագումարին ընթացքին արծարծուած նիւթերը, որոնք բազմազան ու այլազան, այժմէական ու հրատապ էին, պէտք է իրենց շարունակութիւնը ունենան համագումարէն անդին, տարբեր միջոցներով: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի զանազան շրջանակները ներկայացնող մամլոյ մշակներուն միատեղ ներկայութիւնը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւնն է ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերը միասնաբար արծարծելու: Ան անդրադարձաւ համագումարին ընթացքին տարակարծութիւններու եւ տարբեր մօտեցումներու առողջ ձեւով քննարկման, որոնք արգելք չհանդիսացան հասարակաց մտահոգութեանց բարձրացման եւ լուծումներու առաջարկման: Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց, որ հայ մամուլը սովորական լրատուական եւ տեղեկատուական միջոց չէ, այլ անոր առաքելութիւնը համահայկական արժէք կը ներկայացնէ, իսկ այդ մէկը կարիք ունի ազատութեան, որուն մասին բազմիցս անդրադարձ կատարուեցաւ համագումարին ընթացքին: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ համագումարին ընթացքին բարձրացած շարք մը այլ խնդիրներու, ինչպէս` մամուլի որակի բարձրացման, մարդուժի, լեզուի, համահայկական հարթակ մը ստեղծելուն եւ համագործակցութեան: Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց, որ մամուլը հսկայ ներուժ է, եւ հարկ է հմուտ ըլլալ կառուցողական նպատակներ նուաճելու համար անոր օգտագործման մէջ, ու իր նշումները եզրափակեց ըսելով, որ համազգային արժէքներն ու ձգտումները պէտք է դառնան մեր միակամութեան առանցքը եւ հզօրութեան աղբիւրը:

aztagdaily.com/archives/444326

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail