06 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ալեքսանտրեթ նահանգի` Սուրիոյ սահմանակից Ռէյհանլը քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ինքնաշարժի պայթում մը, որ պատճառեց զոհեր ու վիրաւորներ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց. «Նախնական տուեալները ցոյց կու տան, թէ Հարաւային Թուրքիոյ մէջ ինքնաշարժի պայթումը կրնայ ահաբեկչական արարք մը ըլլալ: Հաւանաբար ական մը պայթեցուած է: Ինքնաշարժին մէջ եղողները սուրիացիներ եղած են: Մենք պիտի սպասենք, որովհետեւ տակաւին հետաքննութեան արդիւնքները չունինք», Պոլսոյ մէջ լրագրողներուն ըսաւ Էրտողան:
Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, պայթումի պատճառով մահացած են երկու անձեր, իսկ երկու ուրիշներ` վիրաւորուած: Դէպքի վայրին մէջ ձեռնարկուած են անվտանգութեան քայլեր, փակուած են փողոցները:
aztagdaily.com/archives/444577