06 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բրիտանական իշխանութիւններէն պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել Ժիպրալթարի մէջ գրաւուած քարիւղատար մեծ նաւը:
Բրիտանական ծովուժը գրաւած էր Սուրիա ուղղուող նաւը` նշելով, որ այդ նաւը խախտած է Սուրիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հաստատած պատժամիջոցները:
Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը յայտարարեց, թէ «Կրէյս 1» նաւը գրաւուած է Միացեալ Նահանգներու խնդրանքով:
Ժիպրալթարի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ բրիտանական ծովուժի անդամներ տեղական մաքսատան ու ոստիկանութեան պաշտօնատարներուն կողքին մասնակցած են քարիւղատար նաւուն գրաւման` աւելցնելով, որ պատճառ կայ խորհելու, թէ նաւը հում քարիւղ կը փոխադրէր Սուրիոյ Պանիասի զտարան:
Մէկ օր առաջ Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանը հրաւիրուած էր Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` քարիւղատար նաւուն «ապօրինի» գրաւման հարցով:
Իրանի վարչակարգի շահի ճշդման խորհուրդի քարտուղար Հասան Ռիտայի յայտնեց, որ եթէ Լոնտոն նաւը ազատ չարձակէ, ապա Թեհրանի պարտականութիւնն է նոյնպիսի քայլով հակադարձել:
Նշենք, որ Ժիպրալթարի իշխանութիւնները աւելի ուշ 14 օրով երկարաձգեցին քարիւղատար նաւուն գրաւումը:
aztagdaily.com/archives/444568