Ակնարկ. ԵԱՀԿ-ի Մէջ Հայկական Առաւելներ Թէ՛ Անգարայի Եւ Թէ՛ Պաքուի Ուղղութեամբ

08 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ:

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին համար արցախեան հակամարտութեան մասին պատրաստուած զեկուցումին մէջ օգտագործուած էր այնպիսի եզրաբանութիւն, որ կը պաշտպանէր Ազրպէյճանի շահերը: Եզրաբանութիւնը բնականաբար միակողմանի էր եւ համահունչ չէր հաւասարակշռութիւն պահպանող միջնորդական առաքելութեան օգտագործած բառապաշարին եւ ըսելաձեւերուն: ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին զեկուցողը նկատի պէտք է ունենար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն օգտագործած եզրոյթները իրավիճակի գնահատական ձեւակերպելու ընթացքին եւ որեւէ կերպ հակասութիւն պէտք չէ ստեղծեր միեւնոյն կառոյցի այն խմբակին հետ, որ լիազօրուած էր միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու: Խօսքը կը վերաբերի իրլանտացի զեկուցողին կողմէ օգտագործուած «Ազրպէյճանական 7 տարածքներ» ասոյթին:

Միակողմանի մօտեցում ներառած զեկուցումը բնականաբար չէր կրնար հիմք ծառայել բանակցութիւններու: Գերակայ պիտի նկատուէին համանախագահներուն մօտեցումները, յայտարարութիւններն ու կոչերը: Համանախագահներու վերջին իրերայաջորդ հրապարակումները նման եզրոյթներ չէին օգտագործած:

Անշուշտ ազրպէյճանական կողմը աշխատած էր իրեն յատուկ միջոցներով. եւրոպական կառոյցները իրազեկ են այն մեթոտաբանութեան, որ Պաքուն ի գործ կը դնէր հերթական անգամ բանաձեւեր որսալու: Այն փաստը, որ ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամը նման բանաձեւի նախագիծ կը նկատէ հաւասարակշռուած, կը խօսի արդէն ազրպէյճանական ծանօթ միջոցներու կիրարկման մասին:

Բանաձեւի նախագիծին մէջ փոփոխութիւն ներառելու թիրախային աշխատանքը արդիւնաւորուած է: Հայկական կողմի բազմաուղղութեամբ աշխատանքը յանգած է հակահայկական ձեւակերպումներու դուրս բերման. հիմնաւորումը պարզ է: ԵԱՀԿ-ի առնչուած որեւէ բանաձեւ չի կրնար խախտել համանախագահներուն ստեղծած միջնորդական հաւասարակշռութիւնը: Մանաւանդ որ ամբողջ բանակցային գործընթացը կը շարունակէ ընթանալ Հելսինքեան սկզբունքներուն վրայ, որոնք կը բացառեն ուժի կիրարկումը, կը յարգեն իրաւահաւասարութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Չմոռնանք, որ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ է 57 երկիր, որոնք ունին 350 պատգամաւոր. հետեւաբար բազմաթիւ ուղղութիւններով աշխատանքը յանգած է արդիւնքի եւ ԵԱՀԿ-ը փաստօրէն մերժած է ինքնահակասական ընթացքը:

Դիտարկում-տեղեկութիւն մը այս առիթով կրնայ որոշ լոյս սփռել զեկուցաբերին մասին: 2013-ին Ալան Ֆարելը ընկերային ցանցերով անյարմար գրառում կատարած էր երգիչի մը մասին եւ ապա իր կայքով ներողութիւն խնդրած:

Մնալով ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ` զուգահեռ զեկուցումէն հակահայկական ձեւակերպումները դուրս բերելու փաստին, ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի մարդու իրաւունքներու կոմիտէն կ՛ողջունէր իտալական խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Ֆրանսայի կողմէ ապրիլի 24-ի սահմանումը իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր:

Հայկական կողմը առաւելներ կ՛արձանագրէր թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի ուղղութեամբ:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/444719

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail