Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Դամասկոս

08 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ պըն Ալուի պըն Ապտալլա այցելեց Դամասկոս, ուր երէկ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ:

Սուրիոյ նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանային ու միջազգային բեմի վրայ արձանագրուած զարգացումները, մասնաւորաբար շրջանին ներկայիս դիմագրաւած տագնապներուն եւ դժուար կացութիւններուն պայմաններուն մէջ արաբական պատմական իրաւունքները ոտնակոխ ընելու փորձերը:

Սուրիոյ նախագահը Օմանի արտաքին գործոց նախարարին հետ նաեւ քննարկած է ամբողջ շրջանին դիմագրաւած քաղաքական ու տնտեսական մարտահրաւէրները եւ տարբեր մարզերու մէջ զանոնք դիմակայելու կարելիութիւնները:

Նշենք, որ օմանեան դիւանագիտութեան պետը 26 հոկտեմբեր 2015-ին արդէն այցելած էր Դամասկոս եւ հանդիպում ունեցած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

aztagdaily.com/archives/444748

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail