«Ահաբեկիչներ Թուրքիայէն Լիպիա Կը Փոխադրուին` Կռուելու Համար Զօր. Հաֆթարի Ուժերուն Դէմ» Կ՛ըսէ Լիպիացի Երեսփոխան Մը

08 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Լիպիոյ խորհրդարանի անդամ Ալի Սայիտի Քայիտի Թոպրուք քաղաքին մէջ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Թուրքիայէն ահաբեկիչներ Լիպիա փոխադրելը նորութիւն մը չէ»:

«Ատիկա հին լուր է. բազմաթիւ ահաբեկիչներ Թրիփոլիի եւ Միսրաթայի ճամբով կու գան Թրիփոլիի մէջ կռուելու Լիպիական ազգային բանակին դէմ եւ խոչընդոտելու դէպի Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլի անոր յառաջխաղացքը», ըսաւ ան:

«Այդ խմբաւորումները այժմ ներկայ են ճակատներուն վրայ եւ քաղաքային պետութեան պաշտպանութեան տակ կը կռուին Լիպիական ազգային բանակին դէմ», յայտնեց Քայիտի:

«Մայրաքաղաք Թրիփոլիի հարաւը գտնուող Ուատի Ռապիհ շրջանի ճակատին վրայ թունուզցի ահաբեկիչ մը գերեվարուեցաւ», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ դերակատարութեան եւ լիպիական թղթածրարին նկատմամբ անոր կեցուածքին, լիպիացի երեսփոխանը յայտնեց. «Ճգնաժամին նկատմամբ ռուսական կեցուածքը յստակ է եւ Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին կարեւորութիւնը կը հաստատէ»:

Խօսելով Թրիփոլիի մէջ զինադադարի հաստատման ու հակառակորդ լիպիական կողմերուն դարձեալ երկխօսութեան սեղան նստելու կարելիութեան մասին` Քայիտի ըսաւ. «Բանակցութեան սեղան նստելու հարցը քաղաքական հարց մըն է, եւ բանակը ատոր հետ կապ չունի: Բանակը կատարելապէս կը գիտակցի, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու գոյութեան լոյսին տակ երկխօսութիւնը բացառուած է»:

aztagdaily.com/archives/444750

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail