
05 նոյեմբեր 2015
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան` խօսելով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին, դիտել տուած է, թէ արդիւնքները անակնկալ էին այն առումով, որ իշխող կուսակցութիւնը այսքան մեծ առաւելութեամբ ընտրուեցաւ:
«Յունիսին` առաջին ահաբեկչութենէն առաջ, քրտական շրջանակները կը նախատեսէին, որ Էրտողանը պիտի դիմէ այս քայլին, այսինքն` երկրին մէջ ստեղծել անապահովութիւն, ապակայունացման նախանշաններ ցոյց տալ, եւ հասարակութիւնը մղել իշխող կուսակցութեան ընտրութեան: Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները այնքան մեծ չափերու հասած են, որ ընտրութիւնները քննադատուած են եւրոպացի դէտերուն կողմէ, եւ այն զարգացումները, որոնք կ՛ակնկալուէին, հաւանականութիւն կայ, որ ստեղծեն նոր խնդիրներ շրջանին համար», յայտնած է ան:
Ըստ Մանոյեանի, ներկայիս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թիւ մէկ հարցը սահմանադրութիւնը փոխելն ու կառավարման նախագահական դրութիւնը հաստատելն է: «Գրեթէ սանձազերծ լիազօրութիւններով նախագահական համակարգի մասին է խօսքը: Բացի ատկէ, կը յաջողի՞ ատիկա, թէ՞ ոչ, բայց այդպիսի արարքներ պիտի ըլլան: Էրտողանը պիտի ըլլայ գլխաւոր դերակատարը: Անոր քաղաքական վարքագիծը պարզ է` ոչ թէ համախոհութիւն, այլ բեւեռացում: Եթէ ատիկա կը կատարուի ներքին ճակատին վրայ, ապա կը կատարուի նաեւ արտաքին ճակատին վրայ: Թուրքիոյ համար նման վարքագիծ մը կրնայ վտանգաւոր ըլլայ ամբողջ շրջանին համար», ըսած է ան` աւելցնելով, որ դժուար թէ Թուրքիան կրնայ իր արտաքին հարցերը լուծել:
«Նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու լաւատեսութեան հիմք չկայ», դիտել տուած է Կիրօ Մանոյեան: Անոր համաձայն, յառաջիկայ չորս տարիներուն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ դրական որեւէ յառաջընթաց պիտի չըլլայ: «Թուրքիան ցանկութեան պարագային կրնայ այդ հարցը լուծել, բայց չունի այդ ցանկութիւնը», ընդգծած է Մանոյեան:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն` Մանոյեան նշած է, որ եւրոպական կառոյցները նոյնիսկ մերժեցին դէտ ուղարկել այդ ընտրութիւններուն: «Կարգ մը արեւմտեան քաղաքական գործիչներ գացին, բայց պարզ է` որքա՛ն ձկնկիթ կերան անոնք», նշած է ան:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավարը լուսարձակի տակ առած է նաեւ Ռուսիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը: «Չեմ կարծեր, որ Ռուսիոյ պահուածքը սկզբունքային էր, ատիկա մարտավարական եւ սիրաշահելու քայլ էր աւելի շատ: Ռուսիան միշտ ալ պիտի փորձէ սիրաշահիլ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, բայց պէտք չէ այստեղ տեսնել ռազմավարական փոփոխութիւն: Պէտք չէ այս քայլերուն մէջ վտանգ տեսնել: Բայց եթէ երկար շարունակուի այս մարտավարութիւնը, ատիկա արդէն կրնայ մտահոգիչ դառնալ», ըսած է ան:
http://www.aztagdaily.com





