10 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Ազրպէյճանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Եւրոպական խորհուրդի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք:
«Ազրպէյճան իւրայատուկ է: Դուք կը համատեղէք աւանդութիւնները եւ ժամանակակիցը: Դուք այսօրուան բարդ աշխարհաքաղաքական տեսադաշտի պայմաններուն մէջ կը նայիք թէ՛ Արեւելքին, թէ՛ ալ Արեւմուտքին` շնորհիւ ձեր ռազմավարական դիրքին: Եւ, ինչպէս ես արդէն ըսած եմ, Եւրոպական Միութիւնը կ’աջակցի Ազրպէյճանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», յայտարարած է Թուսք:
«Անդրադառնալով շրջանին մէջ կայունութեան` մենք նաեւ քննարկեցինք Լեռնային Ղարաբաղի չլուծուած տագնապը: Զինուորական լուծում գոյութիւն չունի, այլ միայն քաղաքական լուծում մը` միջազգային օրէնքի եւ սկզբունքներու համաձայն: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ ամբողջական կերպով զօրակցիլ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրի հիմնարար սկզբունքներուն հիմամբ արդար եւ յարատեւ լուծումի մը վրայ անոնց կեդրոնանալուն:
«Կը գնահատենք լարուածութեան ընդհանուր նուազումը, սակայն համանախագահներուն նման մտահոգ ենք շփման գիծին վրայ վերջին զոհերէն: Զսպուածութիւնը կարեւոր է, կարեւոր են նաեւ խաղաղութեան առաջնորդող մթնոլորտի մը վերականգնման եւ արդիւնաւէտ բանակցութեանց քայլերը: Եւրոպական Միութիւնը արդէն կ’աջակցի խաղաղութեան կառուցման միջոցառումներուն եւ պատրաստ է օժանդակելու ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու շօշափելի քայլերու», ըսած է ան:
aztagdaily.com/archives/445052