04 նոյեմբեր 2015
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Քանի որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն դարձած են աւելի լարուած, ռազմավարական դաշինքէն անցնելով բացայայտ թշնամութեան, ապա շատ վերլուծաբաններ սկսած են զարմանալ Իսրայէլի կառավարութեան ոչ բնորոշ զուսպ արձագանգին վրայ` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հակասեմական ելոյթներուն եւ հակաիսրայէլական գործողութիւններուն:
Այս պայմաններուն մէջ հայերը եւ անոնց կողմնակիցները զարմացած են վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուի շարունակական մեղսակցութենէն` թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման եւ Քնեսեթի մէջ (խորհրդարան) անոր ճանաչման արգելափակման գործին:
Միջին Արեւելքի որոշ փորձագէտներ երկու բացատրութիւն ունին Իսրայէլի տարօրինակ դիրքորոշման վերաբերեալ.
1) Հակառակ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ առերեւոյթ ատելութեան` երկու երկիրները կը շարունակեն իրենց հետախուզական տուեալներու գաղտնի փոխանակումը եւ զէնքի առեւտուրը:
2) Ատրպէյճան` Թուրքիոյ կրտսեր եղբայրը, թշնամական դեր ստանձնած է ճնշելով Իսրայէլի վրայ. Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանաչելու համար, որպէս լծակ օգտագործելով իսրայէլական յառաջադէմ զէնքի միլիառաւոր տոլարներու գնումը` Իսրայէլին ապահովելով խիստ անհրաժեշտ նաւթամթերքներով եւ տրամադրելով Ատրպէյճանի մէջ ռազմակայան` Իրան ներթափանցելու եւ լրտեսելու համար, որուն հետ ան ունի 700 քմ. սահման:
Իսրայէլի կառավարութիւնը Ատրպէյճանի թելադրանքներուն այնքան գերզգայուն դարձած է, որ վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի Երուսաղէմ կատարած այցի ժամանակ, հակառակ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի դժկամութեան, պարոն Նալպանտեան կրցաւ հանդիպիլ Իսրայէլի նախագահին հետ:
«Երուսաղէմ փոսթ» թերթի Նոյեմբեր 1-ի թիւին մէջ յօդուած մը լիովին ցոյց կու տայ Իսրայէլի` Ատրպէյճանին հաճոյանալու աստիճանը: Այն ժամանակ, երբ արեւմտեան խումբերուն մեծ մասը, ներառեալ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ), հրաժարեցաւ դիտորդ ուղարկել Ատրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Պաքուի կիրառած սահմանափակումներուն պատճառով, Իսրայէլի Քնեսեթի չորս անդամներ շտապեցին Ատրպէյճան` ցոյց տալու իրենց աջակցութիւնը Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգին… Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար, այժմ Իսրայէլ-ատրպէյճան խորհրդարանական խումբի նախագահ Աւիկտոր Լիպերմանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին ԱՄՆ-ի մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպան Մայքըլ Օրէնը, Սոֆա Լանտվըրը եւ Եոէլ Ռազպոզովը:
«Երուսաղէմ փոսթտ»ը կը հաղորդէ, որ Լիպըրման, որպէս արտաքին գործոց նախարար «աշխատած է ամրապնդել Իսրայէլի կապերը Ատրպէյճանի հետ», եւ մէջբերած է Պաքուի մէջ ըսած անոր խօսքերը, որ ան “Իսրայէլի համար կարեւոր երկիր է եւ լաւ բարեկամ… նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան ժամանակ, [Ատրպէյճանը” յայտնի էր հրէական համայնքի նկատմամբ իր լաւ վերաբերմունքով, եւ այնտեղ հակասեմիթիզմ չկայ: Մենք պէտք է շարունակենք ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ»: «Ազերնիւզ» գործակալութիւնը եւս մէջբերած է Ընտրական լրատուական կեդրոնին յայտնած անոր խօսքերը, որ Ատրպէյճան «կը հանդիսանայ ժողովրդավարութեան, կայունութեան եւ յաջող արտաքին քաղաքականութեան օրինակ»: Նման անհեթեթ եւ կեղծ յայտարարութիւնները անընդունելի են իրազեկ մարդոց մեծ մասին կողմէ:
Հետաքրքրական է, թէ ինչո՞ւ նախկին արտաքին գործոց նախարարը այդքան շահագրգռուած է արդարացնելու Ատրպէյճանի անցեալի եւ ներկայիս հակասեմիթիզմը: Պաքուէն Քնեսեթի չորս անդամներու վերադարձէն ետք, անոնց պէտք է խնդրել բացայայտել այն շռայլ նուէրները, որոնք անոնք հաւանաբար ստացած են որպէս երախտիքի նշան Ատրպէյճանի անարդար ընտրութիւնները կուրօրէն վաւերական ճանչնալու համար: Զարմանալի չէ, որ Ալիեւ պահպանեց իր վերահսկողութիւնը իշխանութեան վրայ` շարունակելով անոր տիրող կուսակցութեան մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ, մինչ հիմնական ընդդիմութիւնը պոյքօթեց նախորդ Կիրակի օրուան ընտրութիւնները:
«Երուսաղէմ փոսթ»-ը հաղորդեց, որ «Ատրպէյճան կը համարուի ամենամտերիմ մահմետական երկիրը Իսրայէլի համար, եւ երկու երկիրները ունին սերտ կապեր ու նշանակալից առեւտուր: Ատրպէյճանը Իսրայէլի ամենամեծ քարիւղային մատակարարն է, եւ ապրանքաշրջանառութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ հասած է 5 միլիառ տոլարի, աւելի քան Ֆրանսայի հետ: Վերջին տարիներուն Լիպըրման, այն ժամանակուան նախագահ Շիմոն Փերես եւ պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն ալցելած են Պաքու»:
Ձեռնամուխ ըլլալով քարիւղ` զէնքի դիմաց քաղաքականութեան՝ Իսրայէլի պաշտօնեաներուն շատ յարմար է անտեսել Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները, խօսքի ազատութեան բացակայութիւնը եւ լրագրողներու ու հասարակական գործիչներու, որոնց շարքին` Պաքուի Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկի ղեկավար Լէյլա Եունուսի եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հետաքննող լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի ազատազրկումը:
Թէեւ ինչ-որ չափով հասկանալի է, որ Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը, անկախ անկէ, թէ որքան դատապարտելի են միջոցները, սակայն Հայաստան եւս պէտք է հետամուտ ըլլայ իր ազգային շահերուն եւ հակազդէ որեւէ երկրի գործողութիւններուն, որոնք կը սպառնան անոր անվտանգութեան եւ հարցականի տակ կը դնեն Ցեղասպանութիւնը: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է յստակօրէն հասկցնէ Իսրայէլի պաշտօնեաներուն, որ Ատրպէյճանին բազմամիլիառ տոլարներու ժամանակակից զէնք վաճառելով, անոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն հազարաւոր հայերու կեանքը վտանգելու համար: Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները հրապարակայնօրէն կը յայտարարեն, որ Իսրայէլէն ձեռք բերուած զէնքով անոնք նպատակ ունին յարձակելու Արցախի եւ Հայաստանի վրայ:
Վերջապէս, Հայաստան պէտք է զգուշացնէ Ատրպէյճանին, որ Հայոց ցեղասպանութեան անոր անտեղի ժխտումները եւ այլ երկիրներու, ինչպէս, օրինակ, Իսրայէլի վրայ ճնշումները` իր ժխտողական գործերուն միանալու համար, աւելի կը թշնամացնեն հայերը` անհնար դարձնելով որեւէ զիջումի երթալու Արցախեան հակամարտութեան հարցով:
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն»-ը
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com