05 նոյեմբեր 2015
Ռուսական զօրակազմը Սուրիոյ մէջ այդ երկրին մէջ գործողութեան մեկնարկէն ի վեր աւելցած է` հասնելով 4 հազարի: Այդ մասին՝ ըստ Tert.am-ի՝ կը յայտնէ Reuters գործակալութիւնը` վկայակոչելով ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու աղբիւրները, ինչպէս նաեւ` անկախ փորձագէտներու գնահատականը:
Սուրիոյ մէջ Սեպտեմբեր 30-էն սկսած ռազմական գործողութեան սկիզբը ռուս զինուորականներուն թիւը այդ երկրին մէջ եղած է մօտ 2 հազար: Անկէ ետք ռուսական զօրակազմը աւելցած է մօտ երկու անգամ, ինչպէս նաեւ աւելցած է կայաններու քանակը, որոնք կ՛օգտագործուին Ռուսիոյ կողմէ, գործակալութեան պատմած են ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու աղբիւրները:
Բացի այդ, զրուցակիցները ամերիկեան հետախուզութեան տուեալներուն յղումով կը պնդեն, որ Ռուսիա ռազմական կորուստներ կրած է Սուրիոյ մէջ: Սակայն աղբիւրները յստակ թիւեր չեն նշեր: Մինչ այժմ յայտնի է Սուրիոյ մէջ ռուս զինծառայողի միայն մէկ մահուան մասին: ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ պայմանագրային զինծառայողը ինքնասպանութիւն գործած է:
Reuters-ի աղբիւրները Փենթակոնէն հաղորդած են նաեւ, որ ռուսական օդանաւերը այժմ կ՛աշխատին չորս ռազմական օդակայաններէ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/