Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կը Պատրաստէ

12 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եւրոպական Միութիւնը կը քննարկէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման հարցը` Անգարայի կողմէ Կիպրոսի ափերուն մօտ երկրաբանահետախուզական աշխատանքներ կատարելուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Թուրքիոյ անօրինական երկրաբանահետախուզական աշխատանքներու չդադրեցման լոյսին տակ, Եւրոպական Միութիւնը որոշած է դադրեցնել Օդային փոխադրութեան վերաբերեալ համապարփակ համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները եւ որոշում տուած է անորոշ ժամանակով հրաժարիլ բարձր մակարդակի հետագայ հանդիպումներէն», նշուած է նախագիծին մէջ, որ պիտի քննարկուի 15 յուլիսին` Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի ընթացքին:

Բացի ատկէ, Եւրոպական խորհուրդը պիտի առաջարկէ կրճատել 2020 թուականին համար Թուրքիոյ տրամադրուող ելեւմտական օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան կոչ պիտի ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու Թուրքիոյ նկատամամբ իր գործունէութիւնը:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աւելի խիստ պատժամիջոցներ հաստատելու Թուրքիոյ նկատմամբ, եթէ վերջինս Կիպրոսի տարածքային ջուրերուն մէջ անօրինական գործողութիւնները չդադրեցնէ:

aztagdaily.com/archives/445371

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail