12 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, թէ իրանեան երեք նաւեր փորձած են Հորմուզի նեղուցին մէջ փակել «Պրիթիշ Հերիթէյճ» նաւուն ճամբան, սակայն բրիտանական ծովուժի «Մոնթրոզ» յածանաւը բերանացի զգուշացում մը յղած է իրանեան նաւերուն, որոնք հեռացած են:
Բրիտանիոյ կառավարութեան բանբերը յայտնեց, թէ Լոնտոն մտահոգ է «իրանեան իշխանութիւններուն վարմունքէն, եւ անոնց կոչ կ՛ուղղենք կացութիւնը հանդարտեցնելու»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ իրանցիները «Պրիթիշ Հերիթէյճ» քարիւղատար նաւուն հրամայած են ուղին փոխել, սակայն դէպքը վերջ գտած է, երբ բրիտանական յածանաւը իր զէնքերը ուղղած է իրանեան նաւակներուն ուղղութեամբ եւ անոնց ստիպած հեռանալ: Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ ամերիկեան օդանաւ մը տեսագրած է միջադէպը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ 5 նաւակներ, որոնք կը կարծուին իրանեան ըլլալ, չորեքշաբթի օր Հորմուզի նեղուցին մէջ մօտեցած են բրիտանական քարիւղատար նաւուն եւ անկէ պահանջած կանգ առնել իրանեան ջուրերուն մէջ, սակայն հեռացած են, երբ բրիտանական մարտանաւ մը զանոնք զգուշացուցած է:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հերքեց Փենթակոնէն աղբիւրի մը վերագրուած լուրը` նշելով, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին այդպիսի դէպք մը չէ արձանագրուած:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտնեց. «Բրիտանական քարիւղատար նաւ մը արգելանքի տակ առնելու Թեհրանի փորձին մասին պնդումներուն նպատակը իրենց տկար կէտերը ծածկելու համար է»:
«Ամերիկան միջազգային քաղաքական բեմին վրայ մեկուսացուած է: Հիւլէական համաձայնագիրը ապագային պիտի ամրապնդուի: Ամերիկացիները (չորեքշաբթի օր Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան) կառավարիչներու խորհուրդի ժողովի ընթացքին չկրցան Իրանի դէմ ոչ իսկ մէկ տող ապահովել: Անգամ մը եւս պիտի փաստենք, թէ Ամերիկան ոչինչ կրնայ ընել Իրանի դէմ», աւելցուց ան:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի փոխհրամանատարը աւելի ուշ նշեց, որ Իրան հետագային պիտի յայտարարէ բրիտանական ուժերու կողմէ իրանեան նաւը արգելանքի տակ առնելուն դէմ պատասխանը` ընդգծելով. «Թշնամին պիտի զղջայ իրանեան քարիւղատար նաւը արգելանքի տակ առնելուն համար»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուան մտահոգ է Հորմուզի նեղուցին մէջ տեղի ունեցած միջադէպով:
Անոր համաձայն, դէպքը ցոյց կու տայ, թէ շրջանին մէջ ճակատումի վտանգը ուժեղացած է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով, անդրադառնալով Հորմուզի նեղուցին մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն, յայտնեց. «Մոսկուան պատրաստ է զօրակցելու շրջանին մէջ մագլցումը դադրեցնելու ջանքներուն»:
Ֆրանսական բանակի հրամանատար զօր. Ֆրանսուա Լաքուանթր նշեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունի կամքերու պայքար, որ ի յայտ կու գայ կեցուածքներու, հակազդեցութիւններու եւ ազդանշաններու ճամբով, որոնք յանկարծ կրնան վերահսկողութենէ դուրս գալ»:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Բրիտանիոյ` Ժիպրալթարի մէջ իրանեան նաւը արգելանքի տակ առնելը ամօթալի է»:
aztagdaily.com/archives/445372