12 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկուստեք գոհունակութեամբ յիշատակած են վերջերս Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Հայ-իրանական միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստը: Նշուած է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման կարեւորութիւնը:
Կողմերը քննարկած են նաեւ Իրան-Եւրասիական տնտեսական միութիւն համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ:
aztagdaily.com/archives/445346