12 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Սփիւռքահայ ինքնութեան հիմնական բաղադրիչներէն մէկը կը hանդիսանայ Ցեղասպանութեան պատճառով կազմաւորուած գաղութներու մօտ երեւակայական [բայց` ոչ արհեստական] «Արեւմտեան Հայաստան»-ի մը տածած սէրն ու հոգեմտաւոր կառչածութիւնը: Անկախ զանազան համայնքներու մէջ գոյութիւն ունեցող հասարակական-մշակութային տարբերութիւններէն, «կորուսեալ հայրենիք»-ի մը խօսոյթը` որպէս միջսերնդային հայեցի դաստիարակութեան եւ կապի հիմնական օղակ, հարիւր տարուան ընթացքին պահեց իր հիմնական բովանդակութիւնը` կրելով միայն որոշ ոճային ձեւափոխումներ: Յետցեղասպանական դարը այն ժամանակաշրջանն էր, երբ ճողոպրածներու յիշողութիւնն ու փրկուած լսատեսողական նիւթերը հիմնական աւիշը տրամադրեցին այն հաւաքական յիշողութեան, որ պիտի կազմէր ինքնագիտակցութեան ընդհանուր յայտարարը աշխարհասփիւռ հայերու մէջ: Այլ խօսքով, սփիւռքահայերու տարբեր հատուածներ պիտի նոյնանային սոյն խօսոյթի ներքոյ` որպէս Ցեղասպանութիւնը վերապրած մէկ ազգային հաւաքականութիւն մը, կարծրացնելով, այսպիսով, «սփիւռքահայու» հիմնական առանձնայատկութիւնները կամ ծնելով դասական տիպատեսակի մը հասկացողութիւնը:
Ընդհանուր վերականգնման մէջ hաւաքական յիշողութիւնը, իր կարգին, պէտք ունէր իմացական/ճանաչողական գործիքներու ու օրինագիր[ք]ի մը, որոնք պիտի կանոնակարգէին սփիւռքեան միջավայրի մէջ հասակ առած սերունդներու յետահայեցողութիւնը` որպէս ինքնաընկալման միջոց: Սակայն, անցեալը իր բազմաբնոյթ էութեամբ ճանչնալու փոխարէն, յետահայեցողութիւնը սփիւռքեան համայնքները պիտի օժտէր «միատարեցուած» ներկան հասկնալու իւրայատուկ բացատրողական յարացոյցով մը: Միատարեցուած, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը` որպէս ամբողջութիւնը հարուածող եւ հետեւաբար համընդգրկուն ոճիր, կու գար նաեւ ջնջելու կամ հաւասարեցնելու անցեալի ներհայկական տարբերութիւնները` հիմը դնելով յետցեղասպանական սփիւռքի համահարթ ինգնագիտակցութեան:
Այս գործընթացը յանգեցուց անոր, որ առաջին սերունդով պայմանաւորուած եւ մասամբ անոնց կողմէ ձեւակերպուած «Արեւմտեան Հայաստան»-ի մը համապարփակ յղացքը դառնար յաջորդող սերունդներու ինքնագիտակցութեան ելակէտը, որքան ալ ան մնար լպրծուն: Անշուշտ այս բոլորին մէջ մեծ էր դերը քաղաքական, գիտակրթական եւ հայրենակցական ընկերութիւններու կամ կազմակերպութիւններու, որոնք այլ օրակարգերու կողքին, կեանքի պիտի կոչուէին վառ պահելու համար «կորուսեալ հայրենիք»-ի մը մշակութային կամ հասարակական ժառանգութիւնը: Հետեւաբար անոնք պիտի [վեր]ստեղծէին այդ` փորձելով զայն յետահայեցողութեամբ գտնել կամ տեղաւորել անցեալի մը մէջ, որուն ճանաչողութիւնը պայմանաւորուած կամ թելադրուած էր ներկայի պահանջով կամ գիտակցութեամբ:
Այդ «վերայայտնաբերուած» ժառանգութիւնը պիտի դառնար աւելի սփիւռքեան օրակարգային հարցերը լուծող քաղաքական գործիք, քան` անցեալը քննական տեսակէտով հասկնալու հաւաքական փորձ: Քաղաքական խնդիր էր դրուած պատմութիւնը կամ անոր միատեսակ ընկալումը վկայակոչելով` բացատրել ներկան կամ սփիւռքեան հետագիծը: Այսինքն սփիւռքեան raison d՛être-ի մը փնտռտուքը կը ստիպէր, որ անցեալէն արտաբերուէին պատմութեան այն մասնիկները, որոնք «ապահով» կամ «անվնաս» կերպով կրնային տեղադրուիլ արդէն վերափոխուած եւ սահմանագծուած ազգային պատումի մը տրամաբանութեան մէջ: Հետեւաբար կը ծնէր ամբողջ մտակարգ մը, որ կը ձգտէր սփիւռքեան պայմաններու մէջ բացատրել պատմական անցեալը, բայց շատ յաճախ կը պարզէր անոր ներկան` իր հայեցակարգային բացերով, նախապաշարումներով ու լուսազուրկ կէտերով: Այսինքն սփիւռքեան պայմաններու մէջ անցեալի ընկալումն ու ներկայացումը շատ աւելի կ՛արտացոլէին անոր ներկան, քան կը լուսաբանէին պատմութեան ծալքերը:
Այդ կարեւոր մասնիկներէն կամ «վերայայտնաբերումներէն» կը հանդիսանայ «Արեւմտեան Հայաստան»-ը, որ պատուանդանն է դասական սփիւռքի ազգային պատումին: Անկախ այն իրականութենէն, որ իւրաքանչիւր հայ անհատի համար «Ի՞նչ կամ ո՞ւր է Արեւմտեան Հայաստանը» կրնայ փոփոխական ըլլալ, պատասխանները ընդհանրապէս, բայց ոչ զարմանալիօրէն կը դրսեւորուին ազգային պատումի տրամաբանութեան կաղապարած շրջագծէ մը ներս: Չնայած միտքերու դեգերումը` թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ նկարագրողական, որոնք պայմանաւորուած են անհատին ընտանեկան եւ անձնական կեանքով, անոնք գոյակցուած կը մնան առաջին սերունդէն մեր օրերը հասած, բայց աստիճանաբար վերացած «Արեւմտեան Հայաստան»-ի մը հետ: Այսինքն, եթէ զանց առնենք վերապրողները, որոնց մօտ «Արեւմտեան Հայաստան»-ը բնականօրէն շատ աւելի շօշափելի էր, նկատելի է, որ յաջորդող սերունդներու խօսոյթն ու հասկացողութիւնը իրարմէ այդքան ալ տարբեր չեն:
Ինչպէս այլ յօդուածով մը ակնարկած ենք, 20-րդ դարու առաջին կէսին օգտագործուած «Երկիր»-ը եւ երկրորդ կիսուն «Արեւմտեան Հայաստան»-ի փոխարինմամբ անոր քաղաքականացումը շատ յաճախ ունէին խօսոյթային նոյն տրամաբանութիւնը, բայց` ոճային տարբեր դրսեւորումներ: Սոյն խօսոյթը տարերային չէ[ր] եւ ցարդ խարսխուած կը մնայ [արդարացիօրէն] անցեալի եւ հոն պատահած կորուստի [նիւթական եւ մարդկային] մը վրայ, որ կը կազմէ «Արեւմտեան Հայաստան»-ի մը բնութագրման կամ ներկայացման հիմնական առանցքը: Վերը նշուած raison d՛être-ի պատումնաբանումն ու սփիւռքեան քաղաքական առաջադրանքները կը ստիպէին, որ նախ «Արեւմտեան Հայաստան»-ը վերարձակուի իր վաղեմի [օսմանեան] կայսերական «պատմուճանէն» եւ ապա վերընձիւղուի որպէս նախ «կորուսեալ» հայկական տարածք, որով միայն կարելի պիտի ըլլար բացատրել նիւթական եւ մարդկային անդառնալի կորուստը: Այսինքն անէացումն ու կորուստը կը դառնան առանցքային շարժիչները «Արեւմտեան Հայաստան»-ի մասին ազգային պատումին:
Հինգ դարերու օսմանահայ պատմութիւնը այսպիսով արագօրէն կը կերպարանափոխուի եւ կը վերածուի հինգ դարերու լոկ ստրկութեան ու բռնաճնշումի, իսկ հայ-թրքական յարատեւ բախումը` յարացոյցի: Զուգահեռ հանրային խօսոյթին` այս մօտեցումը ամրագրուեցաւ նաեւ գիտակրթական հաստատութիւններու եւ վարժարաններու մէջ, ուր հայոց պատմութիւնը դարձաւ պարզեցուած վախճանաբանութիւն (finalisme; Téléologie) մը, որով պիտի արդարանային ներկայի քաղաքական առաջադրանքներն ու պահանջները: Այսինքն կը ստեղծուէր կամ կը վերագրուէր անցեալ մը, որ նախակոչուած էր ի սկզբանէ բացատրելու այն, ինչ որ դեռ տեղի չէր ունեցած:
Անշուշտ այս բոլորով չեմ գար ըսելու, որ այն տարածքներուն վրայ, ուր օսմանահայեր կ՛ապրէին մինչեւ 1915 թուականը, տեղի չունեցաւ որեւէ կորուստ կամ անէացում: Այլ վերոյիշեալ բնութագրումը` որպէս կայուն (statique) կամ ոչ տարերային, կը գործածեմ այն իմաստով, որ այսօր սփիւռքեան եւ առհասարակ հայկական իրականութեան մէջ «Արեւմտեան Հայաստան»-ի իմացական պարենաւորումը սպառած է, եւ անհրաժեշտութիւնը կայ անոր վերայղացքաւորման: Հոս նկատի ունիմ ո՛չ միայն արեւելեան Թուրքիոյ եւ հայութեան միջեւ արդէն տասնամեակներու ֆիզիքական խզումը, այլ նաեւ` սպառումը այն մտակարգին, որուն կիզակէտը կը հանդիսանան նշեալ տարածքները: Այսօր արեւելեան Թուրքիոյ մէջ «իրավիճակը փոխուած է», ինչ որ անկարելի է միայն ընկալել կամ տեղաւորել հին հայկական վանքերու, եկեղեցիներու կամ թաղամասերու վերացման պարունակին մէջ, որքան ալ քաղաքականապէս շահագրգռուած ըլլանք ցուցաբերելու նման մօտեցում մը:
Վերոյիշեալ մտակարգի վերարտադրումը սփիւռքեան [եւ ոչ միայն] դասական մօտեցումներով շատ յաճախ ապակողմնորոշող է եւ նոյնիսկ` մոլորեցնող: Խնդիրը վերջնական դատաստան մը տեսնել չէ, թէ «Արեւմտեան Հայաստան»-ի իրաւաքաղաքական «տէր»-ը ո՛վ է կամ պէտք է ըլլայ, այլ փորձել վերարժեւորել արդէն տասնամեակներու կտրուածքով կարծրացած մօտեցումներն ու նախապաշարումները` փորձելով որոնել իմացական եւ ճանաչողական նոր գործիքներ, որոնք շատ աւելի լոյս կը սփռեն ներկայ փորձական իրականութեան վրայ, քան ինչ որ այսօր կ՛ենթադրէ կամ կը ներառէ ազգային պատումը իր տարաբնոյթ դրսեւորումներով: Նոյն տրամաբանութեամբ, բարձրաձայնուած հարցը կորուստի պատումը արմատախիլ ընելու մասին չէ, այլ փորձել «Արեւմտեան Հայաստան»-ը` որպէս յղացքային տարածք բանալ աւելի լայն եւ բազմաշերտ քննարկումներու եւ մօտեցումներու` դարձնելով զայն արդի հայ քաղաքական մտքի վերա կամ ինքնաիմաստաւորման փորձաքարերէն մէկը:
Յղացքներու «մենատիրութիւնը» որեւէ քաղաքական ուժի կամ կազմակերպութեան կողմէ խթան չի կրնար հանդիսանալ այս գործընթացին, այլ կը խոչընդոտէ միտքերու առողջ փոխանակումը: Այո՛, «Արեւմտեան Հայաստան»-ին հարցականներով մօտենալը շատերս կրնայ առաջնորդել ինքնութեան, աշխարհահայեացքի, քաղաքականութեան, եւ անձնական կեանքի համար վճռորոշ հարցերու, որոնց մասին խօսելու կամ վերանայելու ժամանակ ու (երբեմն) քաջութիւնը չունինք: Սակայն այսօրուան դրութիւնն ու 21-րդ դարու պայմանները մեզ կը դնեն նորանոր հարցադրումներ կատարելու քաղաքական եւ բարոյական անխուսափելի անհրաժեշտութեան առջեւ: Որպէս քանի մը օրինակ նման հարցադրումներէն` կարելի է յիշել «Ի՞նչ տուեալներու հիման վրայ պէտք է բարեփոխել Արեւմտեան Հայաստանի հանդէպ դասական մօտեցումները», «Ներկայ թուրք եւ քիւրտ բնակիչները որեւէ դեր ունի՞ն այս վերայղացքաւորման գործընթացին մէջ», «Դպրոցական դասագիրքերու ի՞նչ տարբերակներ կարելի է զարգացնել լուսաբանելու համար 21-րդ դարու արեւելեան Թուրքիան», «Բարոյականօրէն արդա՞ր է արդեօք սերունդներուն փոխանցել նախագծուած կայուն Արեւմտեան Հայաստան մը, երբ անոր տեղագրական, ժողովրդագրական, հասարակական եւ մշակութային յատկութիւնները յարափոփոխ են», եւ վերջապէս, «Ինչպէ՞ս կարելի է արդիականացնել Արեւմտեան Հայաստանի ժամանակակից ընկալումները` չսահմանելով անոնք լոկ եկեղեցիներու կամ վանքերու աւերակներով»:
Դասական եւ դասագրքային պատկերացումներն ու հերթական նկարագրութիւնները այլեւս համահունչ չեն արեւելեան Թուրքիոյ մէջ տիրող կացութեան հետ: Անոնք ժամանակավրէպ են, որովհետեւ չեն արտացոլացներ ճշմարիտ պատկերը այն բարդ հասարակական, տնտեսական կամ մշակութային կառոյցներուն, որոնք այսօր գոյութիւն ունին այն քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, ուր նախապէս ապրած են հայեր: «Գրաւեալ կամ կորուսեալ հայրենիք»-ի պատումը, որքան ալ արմատացած ըլլայ, զուրկ է այսօր որեւէ բացատրողականութենէ, որովհետեւ կը միտի աւելի ազգասիրական-հայրենասիրական զգացողութիւն մը կերտելու/սերմանելու, քան` առարկայական իրականութիւնը լուսաբանելու: Արեւելեան Թուրքիոյ մարդկային եւ քաղաքային տեղագրութեան կրած փոփոխութիւնները կը հարկադրեն, որ այսօր հայկական [եւ ոչ միայն] վաղեմի ժառանգութիւնը չդիտարկենք դատարկութեան մէջ [ինչպէս կ՛ենթադրէ կորուստի պատումը], այլ հասկնանք իրենց քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական պարունակին մէջ, որոնք այսօր կը կազմեն թրքական/քրտական իրականութիւնը:
Դասական պատումի ներկայացումը, որ խարսխուած է նահատակի եւ նիւթական կորուստի փոխհասկացողութեանց վրայ, կը տառապի «կենդանի մարդու» պակասէ: Հայկական իրականութեան մէջ քիչ չէ թիւը այն յօդուածներուն, ճանապարհորդական նոթերուն կամ ներկայացումներուն, որոնք արեւելեան Թուրքիոյ մէջ ապրող հասարակութիւնը կը դարձնեն գրեթէ անտեսանելի` անոնց գոյութիւն «շնորհելով» միայն այն պարագաներու, երբ պէտք են հաստատագրելու համար դասական պատումը, այսինքն` հերթական թշնամիի առկայութիւնը: Որքան ալ առաջնահերթութիւն ըլլայ հայկական հին ժառանգութիւնը, անոր ներկայ ընկալումը կը մնայ թերի, եթէ զուգակցուած չէ արեւելեան Թուրքիոյ հասարակութեան ամէնօրեայ քաղաքական եւ մշակութային կենցաղին հետ: Օրինակները շատ են այն դէպքերուն, ուր քիւրտեր, թուրքեր եւ չերքեզներ, շահագործելով կամ օգտագործելով հայկական ժառանգութեան մնացորդացը, ստեղծած են բոլորովին նոր իրականութիւն մը, որ դիւրութեամբ չի տեղաւորուիր դասական պատումի տրամաբանութեան մէջ: Հետեւաբար նորանոր հարցադրումները կը կարողանան հայկական իրականութիւնը աւելի հաղորդակից դարձնել նման փոփոխումներուն հետ: Այս դէպքերու բացատրութեան գրաւականը նոր գիտաճանաչողական գործիքներու ձեռքբերումն է, որոնք կարելի է ձեւաւորել միայն նոր տուեալներու եւ գիտելիքներու հաւաքագրմամբ:
«Արեւմտեան Հայաստան»-ի դասական ընկալումը` որպէս անցեալն ու սփիւռքի ներկան զիրար շաղկապող շարունակականութիւն, կ՛անտեսէ այն զարգացումները, որոնք տեղի ունեցան վերջին տասնամեակներուն եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Դասական պատումը` որպէս պրիսմակ «Արեւմտեան Հայաստան» այցելող բազմաթիւ հայերու, շատ յաճախ թոյլ չի տար յաղթահարելու ներքին կաշկանդումները` չափորոշելով, թէ ի՛նչը կարելի է տեսնել եւ ի՛նչը ոչ: Ուստի որեւէ դիտարկում, որ լիարժէք չի գնահատեր մարդկայինը` որպէս տարերային գործօն հայկական ժառանգութեան առընթեր, կը դադրի կիզակէտ ունենալէ «Արեւմտեան Հայաստան»-ը` որպէս առարկայ ու կը վերածուի «այցելու»-ին ու անոր նախապաշարումները քողազերծող փորձառութիւն մը:
Կորուստին զուգահեռ, այսօրուան անհրաժեշտութիւնը «Արեւմտեան Հայաստան»-ի մէջ ապրող մարդու եւ անոր միջավայրի [ներառեալ` հայկական ժառանգութեան] փոխյարաբերութեանց պատումնաբանումն է: Ի տարբերութիւն դասական ընկալման, որ վերամշակուած անցեալի մը մէջ կը փնտռէ կայուն «Արեւելեան Հայաստան» մը` անոր յարելու կամ կառչած մնալու համար, վերայղացքաւորումը պիտի շեշտադրէ անոր յարափոփոխ ու տարերային բնոյթը: Հետեւաբար hարկաւոր է «Արեւմտեան Հայաստան»-ի թարմացուած կամ արդիական ըմբռնումը դնել նոր հարթութեան մը վրայ, ուր կը կարողանանք Թուրքիոյ ժամանակակից հասարակութիւնը դիտարկել կամ հասկնալ իր իսկ եզրերով` իր իսկ անմիջական շրջապատին կամ միջավայրին հետ/մէջ:
vketsemanian@gmail.com
aztagdaily.com/archives/445123