Արամ Ա. Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի Մակարայ Վանքին Մէջ

12 ՅՈՒԼԻՍ 2019 –

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019 թուականը Արամ Ա. կաթողիկոսի կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մը դարձաւ, երբ վեհափառը, ամէն տեսակ դժուարութիւն յանձն առնելով անցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս՝ այցելելու համար մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոնները:

Վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի՝ այցելեց Նիկոսիոյ գրաւեալ թրքական բաժինին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին, նոյն շրջափակին մէջ գտնուող Ազգային առաջնորդարանը եւ Մելիքեան-Ուզունեան դպրոցը: Թրքական ներկայութիւնը զգալի էր ընդհանարապէս հայկական թաղամաս դարձած շրջանին եւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Ապա, վեհափառը ուղղուեցաւ շուրջ ժամ մը անդին գտնուող Ս. Մակարայ վանք: Ժ. դարուն կառուցուած յիշեալ վանքը հաստատուած է Հալեվկա նահանգին ծայրամասը, Փենտաքթիլոս լեռներու լանջին՝ պատմական Կիլիկիոյ դիմացը: Մինչեւ ծովեզերք տարածութիւն ունեցող եւ գեղեցիկ բնութեան ծոցին գտնուող Ս. Մակարայ վանքը եղած է հոգեմտաւոր մշակոյթի կեդրոն՝ հարուստ ձեռագիրներով եւ սրբապատկերներով: 1974ին Կիպրոսի վրայ կատարուած թրքական յարձակումին իբրեւ հետեւանք՝ Ս. Մակարայ վանքը ո՛չ միայն գրաւուած է թրքական բանակին կողմէ, այլ նաեւ քանդուած, աւերուած ու թալանուած է: Վանքը, որ դարձած է դարեր շարունակ ուխտագնացութիւններու կեդրոն, այսօր կը գտնուի կիսաքանդ վիճակի մէջ՝ ամայութեան գիրկը ծուարած:

Կաթողիկոսը յուզումով շրջեցաւ կիսափուլ վանքին մէջ, մօտէն ծանօթանալով վանականներուն խուցերուն, ձեռագրատան, մատրան եւ վանական այլ բաժանմունքերուն:

Արդարեւ, Ս. Մակարայ վանքին մէջ պարզուած տեսարանը չի կարօտիր մեկնաբանութեան: Անիկա պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ թուրքը անցած է, ինչպէս Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մեր վանքերէն, եկեղեցիներէն ու հողերէն, նաեւ Ս. Մակարայ վանքէն…

asbarez.com/arm/350161/Արամ-Ա-Բռնագրաւեալ-Հիւսիսային-Կիպրոս/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail