12 ՅՈՒԼԻՍ 2019 –
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան մօտէն կը հետեւի Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական դէպքին հետեւանքով հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս տեղւոյն բնակչութեան կացութեան եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն։
Արդարեւ, Յուլիս 12-ին, սրբազան հայրն ու թեմիս Ազգ. Վարչութիւնը կապ հաստատեցին Տէր Պսակ Քահանայ Պէրպէրեանին հետ, իրազեկ դառնալու տիրող իրավիճակին։ Տէր Պսակ Քահանայ Պէրպէրեան սրբազան հօր պարզեց իրավիճակը, յայտնելով որ տեղւոյն ազգային կառոյցները նիւթական թեթեւակի վնասներ կրած են, սակայն զոհեր չեն արձանագրուած։
Սրբազան հայրը, իր զօրակցութիւնը յայտնելով տեղւոյն քաղաքացիներուն, խաղաղութիւն մաղթեց շրջանին, թելադրելով զգուշութիւն ցուցաբերել։
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 11-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ականապատուած ինքնաշարժի մը ահաւոր պայթում մը տեղի ունեցաւԳամիշլիի Սուրիան Օրթոտոքս համայնքի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց։ Արձանագրուեցան 11 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ։
Նշենք, որ նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին նաեւ հայկական Ս.Յակոբ եկեղեցին, Ազգային Առաջնորդարանը, Ազգ. Միացեալ Միջնակարգ վարժարանը եւ Գարակէօզեան հաստատութիւնը, որոնք նիւթական թեթեւ վնասներ կրեցին։
yerakouyn.com/2019/07/12/բերիոյ-հայոց-թեմի-առաջնորդը-մօտէն-կը-հ/