Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը – ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ (Շար. 4)
12 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
1922-ի յունիսէն տեղւոյն կիզիչ արեւի տակ գաղթականներու մնացորդը ձեռնարկեց իրեն համար բնակարաններ շինելու` ջանալով հաշտուիլ շրջանի աննպաստ պայմաններուն, իսկ աշխատաւոր ձեռքեր Պասրա կամ շրջակայքը գործեր որոնեցին` իրենց ընտանեկան պարագաներուն օգնելու, շաբաթը, 15 օր կամ ամիսը անգամ մը քանի մը օրուան համար տնեցիներուն հանդիպելով: Ամէն աշնան ժողովուրդին երեք քառորդը զանգուածօրէն շրջանի հասունցած արմաւները մաքրելու եւ երկրէն արտադրելու համար յատուկ կողովներու մէջ զետեղելու աշխատանքի մտաւ «չարտախներ» կոչուած վայրերու մէջ: Յատկապէս բարերար Սիմոն Ղարիպեանի «չարտախներ»-ը կը ղրկուէին կոմիտէի յանձնարարութեամբ, ուր մարդ ու կին, նոյնիսկ փոքրիկներ իրենց յատուկ գործերը ունէին: Երկու-երեք ամսուան աշխատանքը գրեթէ 6 ամսուան ապրուստ կ՛ապահովէր բոլորին:
Այդպէս, գաղթակայանի աննպաստ կլիմայէն բացի, ժողովուրդի վիճակը բարւոքիլ սկսաւ: Դպրոցը կարգաւորուեցաւ Գաղթականական կոմիտէին կողմէ, նմանապէս որբեւայրիներու եւ անկարողներու նպաստի բաշխումը կանոնաւորուեցաւ: Ներքին համերաշխ, ուրախ կեանք մը` հանդէսներով, ներկայացումներով, ազգային, եկեղեցական տօներու կատարումով եւ այլ հասարակական ձեռնարկներով ստեղծուեցաւ: Աւելի՛ն. ՀՅԴ կազմակերպութիւնն ալ գործել սկսաւ:
Ասոր կողքին, զանգուածային ներգաղթի դիմումները շարունակուեցան առանց ձանձրոյթի, Հայաստանի պոլշեւիկեան կառավարութեան ներկայացուցիչներուն` Մակինցեանին, Շահվերդեանին, Սուրէն Առաքելեանին եւ արտասահմանի ազգային հաստատութիւններուն` Ամերիկա, Փարիզ, Եգիպտոս, Պոլիս, Թեհրան եւ Թաւրիզ, ինչպէս նաեւ` Իրաքի հայքոմիշինըրին կամ Անգլիոյ դեսպանին, բայց պատասխանները միշտ մնացին միայն յուսադրող: Նոյնպէս` հանգանակութեան համար Հնդկաստան ուղղուեցաւ Գաղթականական կոմիտէի նախագահ Վահան ծ. վրդ. Հիւսեանը, իսկ Լեւոն Շաղոյեանը` Թեհրան: Վերոյիշեալ աշխատանքներուն շնորհիւ եւ արտաքին աջակցութեամբ, մէջընդմէջ, միայն հազար անձի չափ գաղթականներ եւս կարելի եղաւ Պարսկաստանի վրայով Հայաստան ղրկել:
Զանգուածային հայրենիք վերադարձի յոյսերը չքանալուն պատճառով ժողովուրդին մէջ, Պասրայի եւ շրջակայքի մէջ աշխատողներէն ձեռներէցները իրենց գործատեղիներուն մօտիկ վայրեր փոխադրեցին իրենց ընտանեկան պարագաները: Պասրայի կեդրոն` Աշարի մէջ ազգապատկան կալուածի մը վրայ շինուեցան բնակելու խրճիթներ, որ կոչուեցաւ Աշարի հայոց քեմփ: Ոմանք ալ հաստատուեցան նաւահանգիստին կից Մարգիլ արուարձանի մէջ, իսկ ոմանք անգլիական օդակայանի շրջանը` Շէյպա: Որոշ թիւով ընտանիքներ փոխադրուեցան Պարսկաստան, տեղւոյն նաւթային ընկերութեան գործատեղիի բնակավայրը` Ապատան: Այդուհանդերձ, 2500-ի մօտ գաղթականութեան գրեթէ աշխատանքի անընդունակ մեծագոյն մասը մնաց Նահր Օմար` քաջութիւն չունենալով ուրիշ վայրերու մէջ հաստատուելու:
Նօսրացած ժողովուրդին հոգեբանական, բայց մանաւանդ յուսահատական վիճակը, ի տես արտասահմանի ազգային հաստատութիւններէն եւ նոյնիսկ Հայաստանի պոլշեւիկ կառավարութենէն ստացուած պատասխաններուն, որոնք կը միտէին այլեւս ներգաղթի հարցը փակուած համարել անորոշ ժամանակուան համար, պարտադրաբար կրկին մղեց Գաղթականական կոմիտէն` յարատեւօրէն ծեծելու Իրաքի անգլիական բարձրագոյն իշխանութեան դուռը` ծրագիր-խնդրանք մը ներկայացնելու 1928-ին Նահր Օմարի մեր մնացած վերոյիշեալ բեկորի համար Մոսկուայի կառավարութեան համաձայնութիւնը ստանալ` անցեալի պէս ժողովուրդը Հայաստան փոխադրելու: Անհնարիութեան պարագային, պարսկական կառավարութեան հաճութիւնը առնել` երկրի հիւսիսային մասերու մէջ (Ատրպատական) հողագործութեան կապելու ժողովուրդը: Իսկ եթէ երկու միջոցները անգործադրելի մնան, ապա տեղական կառավարութեան համաձայնութիւնը խնդրել` մշակելի գիւղեր եւ հողեր տրամադրելու երկրի հիւսիսային շրջանը, որպէսզի ժողովուրդը հողագործութեամբ իր հացը ճարէ: Ծրագիր-խնդրանքը, սակայն, մերժուեցաւ: Միայն 1929-ի սկիզբներուն կը թուի, որ անգլիական կառավարութիւնը յարմար դատեց տնտեսապէս եւ ֆիզիքապէս մաշած Նահր Օմարի մնացորդները Մուսուլի շրջան փոխադրելը: Ձեւական կարգադրութեամբ հայքոմըշնըրը փետրուար ամսուան մէջ տեղեկացուց Իրաքի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` մշակելի հողեր տրամադրելու երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ:
Գործնական քայլերը հետեւեցան… Լ. Շաղոյեանը, այդ օրերուն Իրաք գտնուող հանրածանօթ դաշնակցական գործիչ Կոմսի (Վահան Փափազեան) հետ Մուսուլ մեկնեցաւ, ապա Հավրէզք` գիւղերը տեսնելու, ուր եւ հանդիպեցան այդ շրջանի մէջ տասնեակ մը տարիներ առաջ հաստատուած Վանի արմշատցի գիւղացիներուն եւ շրջանի մասին հարկ եղած ծանօթութիւններու վրայ, նպաստաւոր տպաւորութեամբ հաւանութիւնը գոյացաւ եւ Շաղոյեանի Նահր Օմարի վերադարձով փոխադրութեան քայլերը սկսան:
Ժողովուրդը, որ արմաւի «չարտախներ»-ը գացած էր, ետ կանչուեցաւ, որովհետեւ աշունը կը մօտենար, ուրեմն սեպտեմբերին փոխադրութիւնը պէտք էր սկսիլ:
Առաջին երկու կարաւանները, իւրաքանչիւրը` 30 հոգիէ բաղկացած, Գաղթականական կոմիտէի անդամներէն Գեղամ Վարդանեանի ընկերակցութեամբ Մարգիլ երկաթուղիի կայարան գալով, Պասրայէն մինչեւ Պեճի, ուրկէ Մուսուլ եւ անկէ Հաւրեզք փոխադրակառքերով տարուեցան Մուսուլի օրուան հոգեւոր հովիւի եւ թաղական խորհուրդի անդամներու ու քանի մը ազգայիններու օգնութեամբ:
Հաւրեզք գիւղ
Մուսուլէն հիւսիս մօտ 65 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Մուսուլ-Զախօ գլխաւոր ճամբայէն 5-6 քիլոմեթր հեռու` ձախակողմը, Հաւրէզք, Թելճնապ, Շքաւրեք, Կուտցի եւ Խրապոպան անուանական գիւղեր իրարու կից հողերով տրամադրուեցան Նահր Օմարի վանեցի գաղթականներուն: Այս գիւղերու շրջապատը ցրուած էին քիւրտ հաճանցի, գրասանցի, շարաֆանցի վաչկատուն աշիրեթները, ինչպէս նաեւ տեղացի քիւրտ ազգաբնակչութիւն` նոյն բարքերով ու սովորութիւններով: Վերոյիշեալ բոլոր աշիրեթները ատենին իրենց հօտերով մինչեւ Շատախ, Մոկս, Փեսանդաշտ եւ Վանի մօտ այլ գաւառները գալով` լայն գաղափար ունէին, որ «վանեցիները քաջ կռուող են», հետեւապէս բարեացակամ մնացին:
Վարչականօրէն շրջանը ենթակայ էր Զախոյի գայմագամութեան: Պետական հրահանգով տրամադրուած հողերու համար պայմանագիր ստորագրուեցաւ Զախոյի գայմագամութեան մէջ որոշ յանձնառութիւններ պարունակող` պետական հողերու ամբողջութեան պահպանումի, բերքին տասանորդ վճարելու եւ անբաղձալի տարրերուն մեր հողերու վրայ ապաստան չտալու յատուկ յօդուածներով:
Գաղթականական կոմիտէն իր բացառիկ ժողովին մէջ նկատի առաւ, որ մէկի փոխարէն վերոյիշեալ քանի մը գիւղերու վրայ ժողովուրդը բաժնելը գործնականապէս անկարելի էր թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ ֆիզիքապէս, ինչպէս նաեւ` ապահովութեան համար: Ուստի բնակատեղի որոշուեցաւ Հաւրեզք գիւղը:
1929 հոկտեմբեր 18-ին առաջին կարաւանը ոտք դրաւ Հաւրեզք` առանց ապաստան ունենալու արեւի ու հովին դէմ, եւ գործի լծուեցան մեծ ու պզտիկ աղիւսներ պատրաստելու` հիւղակ կամ խրճիթ շինելու համար: Քրտախօս մարդիկ շրջակայ գիւղերէն յարդ գնելու սկսան, իսկ գերանները Մուսուլէն բերուեցան: Գիւղի յատակագիծը այնպէս մը դրուեցաւ, որ տուները մէկ գծի վրայ շինուեցան, փողոցները` լայն ու երթեւեկութեան դիւրութիւններով. տեղեր վերապահուեցան եկեղեցիի եւ դպրոցի, ինչպէս նաեւ` մայր հրապարակի մը համար:
Իրականութեան մէջ, սակայն, հոկտեմբեր ամիսը շրջանի մէջ անձրեւոտ էր, եւ աշխատանքները այդպիսի եղանակի մէջ ընթացան: Մինչեւ նոյեմբերի վերջը կարելի կ՛ըլլայ մօտ 70 ընտանիքներ տեղաւորել տուներու մէջ, որոնք կը բաղկանային երկու սենեակներէ: Աւելի ուշ միայն իւրաքանչիւր ընտանիք ունեցաւ իր առանձին տունը` լրիւ յարմարութիւններով:
Նոյն պայմաններու մէջ միաժամանակ համայնական ձեւով Մուսուլի շուկայէն գնուած տասնեակ մը լծկաններով ու բաւական արօրներով ժողովուրդին բաժնուած սերմացու հացահատիկը հերկելէն ետք ցանուեցաւ: Ուտելիք-պարէնն ալ հեռաւոր Զախոյէն ու Տհոքէն գնելով` ուղտերով գիւղ բերուեցաւ եւ ժողովուրդին բաժնուեցաւ: Հոս յիշատակութեան արժանի է, որ ՀԲԸՄ Մուսուլի մասնաճիւղը որոշ նիւթական օժանդակութիւններ կատարեց Նահր Օմարի գաղթականներու Հաւրեզք փոխադրութեան համար, ինչպէս նաեւ` արջառ, ձիեր գնելով ու պարբերաբար ցորեն-ալիւր բաժնելով անկարողներուն:
1930 թուականը կը թեւակոխուի բարի եւ յաջող պայմաններու մէջ: Տարեշրջանի գարնան սարսափելի անձրեւներու պատճառով տակաւին Նահր Օմար մնացող փոքր մասն ալ ոտք դրաւ Հաւրեզք: Գարնան ձեռնատու անձրեւներէն օգտուելով` ժողովուրդը առժամեայ 9 սենեակներէ բաղկացած դպրոցի շէնք մը կառուցեց, եւ հիմը դրուեցաւ 80×30 ոտք եկեղեցւոյն, իսկ մինչեւ տարեվերջ ֆիզիքական արդիւնաւոր աշխատանքով հապճեպ շինուած տուներուն վրայ աւելցուեցան նոր սենեակներ, խոհանոց, ախոռ, գոմ եւ այլ անհրաժեշտ մասեր: Սակայն ամէնէն կարեւոր գործը եղաւ խմելու ջուր ապահովելու համար հորեր փորելը, որով գիւղը ունեցաւ իր կոյուղին: Աշխատանք մը, որ բաւական ժամանակ առաւ ժողովուրդէն եւ տանջալից գործ մը դարձաւ:
Այսպէս, շուտով ժողովուրդը սեփական ջանքերով իր ապրուստի հնարաւորութիւնը ստեղծեց: Մօտաւորապէս 40-50 չքաւորներու, այրիներու եւ որբերու խնամքն ու սնունդի հայթայթումն ալ կարգաւորուեցաւ: Պարբերաբար Իրաքի զանազան վայրերու մէջ տեղաւորուած շատ մը հայեր իրենց ընտանիքներով սկսան թափուիլ Հաւրեզք: Մինչեւ 1932 մեծ թիւով ընտանիքներ եկան` Քերքուկէն, Պաղտատէն, Մուսուլէն, Զախոյէն եւ Տհոքէն, որոնց տրուեցաւ ամէն հնարաւորութիւն, ինչպէս` տան հողամաս, մշակելի արտեր եւ այլն, պայմանաւ որ իրենց ծախսով սեփական տուներ պիտի շինեն:
Հայ գաղթականներու գաւառակը կոչուեցաւ Սիլվանի, որուն գաւառապետի նստավայրը Ասի կոչուած գիւղն էր: Այս գաւառակին մէջ կային քրտախօս հայ քոչուորներ, որոնք ատենին փրկուած էին թրքական կոտորածներէն ու հալածանքներէն` Զախոյի քիւրտ աղայի մը կողմէ: Անոնց Համօ Շաշօ պետը խնդրեց` որպէս հայերու, զիրենք հովանաւորել եւ վաչկատուն վիճակէն զիրենք փրկել: Նկատի ունենալով, որ լեզուով, սովորութիւններով եւ բարքերով կատարեալ քիւրտ այս 20-25 ընտանիքները անյարմար կ՛ըլլար անմիջականապէս բնակեցնել գաղթականներու կողքին, այդուհանդերձ, թոյլ տրուեցաւ, որ իրենց հօտերով Հաւրեզքի հեռու սահմաններու մէջ բնակին, մինչեւ որ ապագային ուրիշ կարգադրութիւն մը ըլլայ: Այդպէս ալ եղաւ: Յաջորդ տարին անոնց տրուեցաւ Հաւրեզքէն ժամուկէս հեռու Աւզրուկ կոչուած գիւղը, ուր եւ ցարդ կը մնան պետական օրէնքով սեփական հողատէրեր ըլլալով:
Հաւրեզքի գիւղապետը, իշխանը, դատաւորը եւ կառավարիչը Լեւոն Շաղոյեանը մնաց: Փաշայի բացակայութեան, զայն փոխարինողը իր անմիջական օգնական Գեղամ Վարդանեանն էր, որ կը կառավարէր գիւղը, միեւնոյն ժամանակ տնօրէնն էր դպրոցի երկսեռ աշակերտութեան, որուն թիւը կը հասնէր 300-ի: Գիւղը ունեցաւ նաեւ մնայուն քահանայ` յանձինս Տէր Յովհաննէսի, ճշմարիտ հայր մը ժողովուրդին:
1933 թուականին ասորի մեծամեծներու ներկայացուցիչներ Հաւրեզք եկան ու առաջարկեցին մեր ժողովուրդին մասնակցութիւնը պետութեան դէմ իրենց ապստամբութեան: Երախտագիտութեամբ լեցուած երկրի պետութեան մարդկային ազնիւ վերաբերմունքին համար` անմիջապէս մերժուեցան: Մեր անտարբերութիւնը եւ սովորական դաշտային աշխատանքները (ցան, հունձք եւ այլն) ասորական ապստամբութեան ընթացքին ապահով ու գոհ ձգեցին պետական պատասխանատուները, քանի որ անցուդարձերը մեր շրջապատին մօտիկ էին: Ապստամբութիւնը կործանարար եղաւ ասորիներուն համար, իսկ մեր շրջապատի հայկական վեց գիւղերը զերծ մնացին վնասներէ: Պատահեցաւ, որ բանակային հրամանատար մը երկրի ներքին գործոց նախարարի կողմէն, ապա նոյնինքն նախարարը անձամբ, Իրաքի հիւսիսային շրջանի հռչակաւոր Շումառ ցեղապետին ընկերակցութեամբ, Հաւրեզք գալով, զարմացաւ ի տես ժողովուրդի խաղաղ վիճակին:
(Շար. 4)
aztagdaily.com/archives/445265