12 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
900 թեկնածուներէ 23 ուսանողներ, հետազօտողներ եւ քաղաքական գործիչներ տասը օրուան վրայ երկարող Միջազգային երկխօսութեան եւ միջնորդութեան ծրագիրին հետեւեցան Շուէտի Ուփսալա համալսարանին մէջ: Ծրագիրը հովանաւորուած էր Տակ Համարշոլտ հաստատութիւնը եւ Ուփսալա համալսարանի խաղաղութեան հիմնարկին կողմէ: Ուրեմն, այս ծրագիրին Լիբանանէն, Իրաքէն, Եմէնէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն, Աբխազիայէն, Քոլոմպիայէն, Մեքսիքայէն, Կուաթեմալայէն, Միանմարէն, Հնդկաստանէն, Նեփալէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Քոնկոյէն, Եթովպիայէն, Ուկանտայէն եւ Լիպերիայէն մասնակցեցան 23 անդամներ, որոնց նպատակն էր քննարկել իրենց երկիրներուն կամ շրջանին մէջ տագնապալի նիւթեր եւ խաղաղութեան հաստատման գծով լուծումներ առաջարկել:
Նախքան այս ծրագիրին միանալս` շատ չնչին տեղեկութիւն ունէի Քոլոմպիոյ խաղաղութեան համաձայնութեան, Եթովպիոյ ընկերութեան բեւեռացումին կամ Եմէնի ներքին երկխօսութեան մասին: Այս բոլորին մասին գիտնալը եւ քննարկումները հորիզոններս բացին, որպէսզի որոշ բաղդատական մը կատարեմ այս հարցերուն եւ լիբանանեան ու հայաստանեան հարցերուն միջեւ: Նախ պէտք է ըսել, որ իւրաքանչիւր տագնապ անպայման քաղաքական բնոյթ չունի: Օրինակ` Լատին Ամերիկայի եւ Ափրիկէի տագնապները ունին տնտեսական եւ ընկերային ենթահող: Աւելի՛ն. խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ հակասական կը թուին: Արդեօ՞ք կարելի է ունենալ խաղաղութիւն` առանց արդարութեան, իսկ արդարութիւնը որքանո՞վ կը վտանգէ երկրի մը քաղաքական կայունութիւնը: Բաւական խօսեցանք այս մասին` ի մտի ունենալով լիբանանեան եւ հայաստանեան օրինակները: Հոն նաեւ քննարկուեցաւ տեղահանուածներու հոսքին հարցը, եւ թէ ինչպէ՛ս այս հարցը կը վտանգէ Լիբանանի կայունութիւնը եւ ներքին համայնքային հաւասարակշռութիւնը:
Զոյգ թեզեր ներկայացուցի եւ ունեցայ որոշ ելոյթներ: Լիբանանեան առումով, քննարկեցինք սուրիացի տեղահանուածներու հարցը: Այս հարցը ունէր իր երկու երեսակները: Նախ` մարդկային, այն առումով, որ տեղահանուածներուն պէտք է հոգ տարուի ու անոնց օժանդակութիւն տրուի, եւ այս թեզը կը պաշտպանուի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն կողմէ: Իսկ միւս երեսակը քաղաքական-տնտեսական բնոյթ ունի, որովհետեւ որոշ քաղաքական ուժեր կը պնդեն, որ տեղահանուածները բեռ են լիբանանցիներուն վրայ եւ քաղաքական անկայունութեան պատճառ կը հանդիսանան: Իմ արծարծած երկրորդ նիւթս «Հայ-թրքական տագնապ»-ն էր: Այստեղ պէտք է նշել, թէ զարմացած էի, որ գրեթէ բոլոր մասնակիցները լաւատեղեակ էին Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Արծարծեցի հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ ներկայացուցի, թէ 2009-ի Ցիւրիխեան արձանագրութիւններէն մինչեւ օրս ի՛նչ տեղի ունեցաւ, նշելով, թէ այս յարաբերութիւնները ինչո՛ւ պէտք է հաստատուին արդարութեան վրայ, եւ ոչ թէ միայն դիւանագիտական դիտանկիւնէ պէտք է նայիլ անոնց: Արցախեան տագնապը նոյնպէս ներկայ էր այս ծրագիրին մէջ. Հայաստանէն մասնակից մը ներկայացուց այս նիւթը եւ մասնակիցներուն ներկայացուց Ազրպէյճանի ցեղապաշտական դիրքորոշումը հայերուն նկատմամբ, բան մը, որ անկարելի կը դարձնէ երկխօսութիւնը Պաքուի իշխանութիւններուն հետ: Արցախեան տագնապի նիւթը մասնաւորապէս կարգ մը ակադեմականներու եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն (ինչպէս` Շուէտի նախկին արտաքին գործոց նախարար Եան Ելեանսըն) համար պղտոր է: Իրենց համար խաղաղ լուծումը կապուած է Արցախի ազատ ինքնորոշումին, սակայն` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ: Եւ երբ այս հարցին շուրջ առանձին հանդիպում ունեցայ շատերուն հետ, հարց տուի անոնց. «Լա՛ւ, կարելի՞ է այսօր Հարաւային Քորէան միացնել Հիւսիսային Քորէային եւ հիւսիսի օրէնքները պարտադրել հարաւի վրայ»: Պատասխանը ոչ էր, եւ յստակ էր, որ Արցախի հարցը մեզի համար նոյնն է, անիկա ազգային հարցէ մը աւելին է, եւ պէտք է եւրոպական մտայնութեան մէջ դրոշմուի, որ ազատ Արցախը կարելի չէ վերադարձնել ընտանեկան բռնատիրական եւ ցեղապաշտ երկրի մը իշխանութեան:
Ուփսալայի փորձառութիւնը ընդլայնեց հորիզոնս մասնաւորաբար խաղաղութեան, ազատ ինքնորոշման, երկխօսութեան եւ միջնորդութեան հետ կապուած խնդիրներուն շուրջ: Այսպիսի կարեւոր միջազգային ծրագիրներ եւ համաժողովներ կարեւոր են հայերուն համար, որովհետեւ այդտեղ կրնանք բարձրացնել մեր ազգային հարցերը մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան դիտանկիւնէն:
Yeghia.tash@gmail.com
aztagdaily.com/archives/445302