«Տաք Ձմեռ» Մը Կը Նախատեսուի Թուրքիոյ Համար…» Կարօ Մոմճեան

01 նոյեմբեր 2015
garo momjian
Փրոֆ. Կարօ Մոմճեան (ԱՄՆ), անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ այսօր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, իր Ֆէյսպուքեան էջին կը գրէ. «Եթէ ճիշդ կը գնահատեմ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները, ապա յստակ է, որ մեծ գրաւ դնող էրտողան-Տաւուտօղլու երկեակը կարողացաւ հասնիլ իր նպատակին՝ որն էր մէկ կուսակցութեամբ իշխել: Նոյնիսկ եթէ ՀՏՊ կուսակցութիւնը անցնի 10 առ 100-ի շեմը, իրականութենէն բան չի փոխուիր…

Այսպիսով անգամ մը եւս բացառուեցաւ ժողովրդավարական կոալիցիոն կառավարութեան մը կազմութիւնը, որ կրնար Թուրքիան դէպի առաջ տանիլ… Բայց, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի տագնապալի կացութիւնը ու հոն ընթացող ռազմա-աշխարհա-քաղաքական իրադարձութիւնները, խաղը դեռեւս չէ աւարտած ու որեւէ սայթաքում իշխողներուն կողմէ կրնայ Թուրքիան վտանգաւոր իրադարձութիւններու յառաջ կանգնեցնել…

Այնպէս որ, ապագան յղի է իւրայատուկ կարելիութիւններով… Համենայնդէպս, «տաք ձմեռ» մը կը նախատեսուի Թուրքիոյ համար…»

http://www.arevelk.am/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail