Արցախի Հակամարտութեան Գծով Պաքուի Դիրքորոշումը Կը Մնայ Անփոփոխ. Մամետեարով

13 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 12 Յուլիսին ընդունեց Պաքու գտնուող Եւրոպայի խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը:

Երկկողմանի յարաբերութեանց վերաբերող կարգ մը հարցերու կողքին, քննուեցաւ նաեւ Արցախի հակամարտութեան լուծում մը գտնելու նպատակով շարունակուող բանակցային գործընթացը։

Մամետեարով տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուծման համար ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ կատարուած նորագոյն հանդիպումներուն մասին՝ ընդգծելով, որ Պաքուի դիրքորոշումը անփոփոխ է, կենսական համարելով «(մեր) բռնագրաւեալ տարածքներէն Հայաստանի զինուած ուժերուն հեռացումը եւ ատրպէյճանցի գաղթականներուն՝ իրենց հայրենի հողերը վերադարձը»:

asbarez.com/arm/350271/Արցախի-Հակամարտութեան-Գծով-Պաքուի-Դի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail