11 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- 11 Յուլիսին, Թուրքիոյ հակակշիռին տակ գտնուող հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին նահանգին մէջ պայթուցիկ նիւթերով բեռնաւրուած փոխադրակառք մը պայթեցաւ, եւ իբրեւ հետեւանք՝ սպաննուեցան առնուազն 13 անձեր եւ վիրաւորուեցան 35 ուրիշներ:
«Սապահ» թերթին համաձայն՝ պայթումը պատահեցաւ անցարգելի մը առջեւ, Աֆրին քաղաքի մուտքին, նիւթական մեծ վնասներ պատճառելով:
Թրքական կողմին համաձայն՝ ահաբեկչութիւնը կազմակերպուած էր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ:
asbarez.com/arm/350239/Թուրքիոյ-Հակակշիռին-Տակ-Գտնուող-Աֆրի/