13 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ինչպէս մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելով, այնպէս ալ դիմելով միջազգային կազմակերպութիւններուն` աջակցելու Տիլհամ Ասկերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը ազատ արձակելու հարցին, ազրպէյճանական իշխանութիւնները կը կատարեն Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու, այդ կարգին` կեանքի եւ իրաւական պաշտպանութեան իրաւունքի բացայայտ ժխտում եւ ոտնահարում: Այս մասին «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան` մեկնաբանելով Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող քարոզարշաւը` Տիլհամ Ասքերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը ազատ արձակելու նպատակով:
«Տիլհամ Ասքերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը զինուած խումբի մը կազմին մէջ ապօրինի կերպով մուտք գործած են Արցախի Հանրապետութեան տարածք: Յանցաւոր խումբի անդամները իրականացուցած են շարք մը ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններ, որոնց կարգին են` 17-ամեայ Սմբատ Ցականեանի առեւանգումը եւ սպանութիւնը, 43-ամեայ Սարգիս Աբրահամեանի սպանութիւնը եւ 37-ամեայ Կարինէ Դաւթեանին ծանր վնասուածքներ հասցնելը: Անոնց նկատմամբ դատական գործընթացը եղած է բաց եւ իրականացած է ազգային եւ միջազգային արդարադատութեան չափանիշներուն համապատասխան: Դատական գործընթացի ընթացքին պարզուած է, որ այս յանցաւոր խումբը Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ զինուած եւ ուղարկուած է Արցախ` լրտեսական գործունէութիւն իրականացնելու նպատակով, որ կասեցուած է Արցախի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ», նշեց ան:
Անի Սարգսեանի համաձայն, տուեալ քարոզարշաւը հանրային կեանքի բոլոր ոլորտները ընդգրկող պետական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը կը շեշտէ` Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բազմիցս իրազեկած է միջազգային հանրութիւնը` այդ կարգին միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, ներառեալ ՄԱԿ-ը եւ ԵԱՀԿ-ը, նաեւ յուշագիրներու տարածման միջոցով` Ազրպէյճանի տուեալ քաղաքացիներուն կողմէ իրագործուած յանցագործութիւններուն եւ դատական գործընթացին վերաբերեալ:
aztagdaily.com/archives/445506