13 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՐՑ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիական բանակը, ահաբեկչական շարք մը զինեալ խմբաւորումներուն դէմ մղած բուռն բախումներէ ետք, վերատիրացաւ Համայի հիւսիսարեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Հմէյմաթ գիւղին ու անոր ռազմավարական բլուրներուն:
Սուրիական բանակը Ժապհաթ Նուսրայի, Թուրքմենական իսլամական կուսակցութեան, չեչեն եւ չին մասնայատուկ ուժերու բուռն յարձակումին դիմաց գիւղէն դէպի անոր մերձակայ պաշտպանողական դիրքեր նահանջելէն մէկ օր ետք հակայարձակումի դիմեց:
Ասայեպ Համրա փաղանգները Ժապհաթ Նուսրայի մասնայատուկ ուժերն են, որոնց շարքերուն մէջ կը գտնուին ասիական, եւրոպական եւ արաբական ծագում ունեցող զինեալներ:
Հմէյմաթ գիւղը կը գտնուի ռազմավարական Մահրատաթ Սքայլապիայի ճամբուն վրայ, որ կը գտնուի Համայի հիւսիսարեւմտեան գիւղական շրջանին Մահրատա եւ Սքայլապիա գիւղերուն միջեւ:
aztagdaily.com/archives/445524