«Պիտի Ռմբակոծենք Շրջանային Որեւէ Պետութիւն, Որ Կը Մասնակցի Մեր Դէմ Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի» Կ՛ըսէ Զօր. Մուսաւի

Իրանեան բանակի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ապտեռահիմ Մուսաւի

«Պիտի Ռմբակոծենք Շրջանային Որեւէ Պետութիւն, Որ Կը Մասնակցի Մեր Դէմ Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի» Կ՛ըսէ Զօր. Մուսաւի

16 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանեան բանակի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ապտեռահիմ Մուսաւի զգուշացուց, որ իր երկրին զինեալ ուժերը պիտի ռմբակոծեն շրջանային որեւէ երկիր, որ կը մասնակցի Իրանի դէմ ամերիկեան որեւէ յարձակումի:

«Շրջանային որեւէ երկիր, նոյնիսկ եթէ հիւլէի չափով մասնակցի Իրանի դէմ ամերիկեան որեւէ յարձակումի, պիտի ռմբակոծուի», շեշտեց հազարապետ-զօրավար Մուսաւի:

«Մեր ստացած հրամանին համաձայն, որեւէ երկիր պիտի պատժուի մեր դէմ ամերիկեան որեւէ յարձակումին իր մասնակցութեան տարողութեամբ, սակայն Ամերիկան ու Իսրայէլը պիտի հարուածենք անոնց մեզի հասցուցած հարուածին տասնապատիկ տարողութեամբ», ընդգծեց իրանեան բանակի հրամանատարը:

aztagdaily.com/archives/445843

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail