Անդրադարձ. Դուրս Մղման Փոխարէն Սիրաշահում
16 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները միշտ հետապնդած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը տապալելը կամ առնուազն «բարեփոխելը»: Վերջինիս պարագային անոնց թիրախը եղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան համեմատաբար տկար օղակը` Ֆրանսան:
Պաքու շարունակ ջանք թափած է Ֆրանսան փոխարինելու այլ երկրով մը` նախընտրաբար Թուրքիայով կամ առնուազն Եւրոպական Միութեամբ: Առաջինը արցախեան գոյապայքարի առաջին օրէն իր խորհրդատուներով, կամաւորներով եւ մասնայատուկ ուժերով, ինչպէս նաեւ 1993-էն ի վեր Հայաստանի դէմ հաստատած պաշարումով ուղղակի մասնակիցն է այդ տագնապին, եւ բնականաբար հակամարտող կողմ մը չի կրնար միջնորդ ըլլալ: Չարիքի առանցքին երկու թեւերէն մէկը եղողը չի կրնար եռանախագահութեան մաս կազմել: Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան, ապա Ֆրանսան Գերմանիոյ կողքին այդ միութեան հիմնադիր գլխաւոր պետութիւններէն մէկն է եւ իբրեւ այդպիսին կը ներկայացնէ նաեւ այդ անդրազգային կառոյցը:
Տարիներու վրայ երկարող իրերայաջորդ ձախողութիւններէ ետք, Պաքու կը թուի այժմ համոզուած ըլլալ իր երկարատեւ երազի անյուսութեան եւ փոխած իր մարտավարութիւնը. եռանախագահութենէն դուրս մղելու փոխարէն սիրաշահիլ Ֆրանսան:
Այս մասին կը վկայեն Ազրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ օդուժի, ռազմական եւ ծովային կիրարկման տեղեկատուական համակարգեր արտադրող «Թալես Կրուփ» արդիւնաբերական խումբի միացեալ գործարան մը հիմնելու հաւանականութեան, ֆրանսական այդ ընկերութեան Ազրպէյճանին վերահսկողութեան եւ ձայնատեղաստուգումի (radiolocalisation) տարբեր տեսակի սարքերու մատակարարման լուրերը:
Սիրաշահման քաղաքականութիւնը իր առաջին պտուղը տուաւ. ֆրանսական դատարանի մը միջոցով, քաղաքական ու տնտեսական նկատառումներով ջնջուեցան ֆրանսական եւ արցախեան քաղաքներու միջեւ կնքուած բարեկամութեան ու ապակեդրոնացուած համագործակցութեան մասին հռչակագիրները: Պաքու ատիկա նկատեց իր դիւանագիտութեան «ազդեցիկ յաղթանակը»: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Խալաֆ Խալաֆով յայտնեց, որ Պաքու Փարիզէն կը սպասէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ ջանքերու աշխուժացում: «Տագնապը պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ», աւելցուց ան` յստակացնելով Ազրպէյճանի` Ֆրանսայէն սպասած «աշխուժացում»-ին նշանակութիւնը:
Բայց եւ այնպէս, հակառակ Պաքուի «ազդեցիկ յաղթանակ»-ի շեփորումին ու սպասումներուն, ազրպէյճանական այս մարտավարութեան յաջողութիւնը երաշխաւորուած չէ` նկատի ունենալով մասնաւորաբար եռանախագահներէն Ռուսիոյ օրինակը, որ Ֆրանսայէն շատ աւելի հին ու ընդարձակ քաղաքական եւ տնտեսական կապեր ունի Ազրպէյճանի հետ, սակայն առայժմ` ոչ ազրպէյճանամէտ կեցուածք:
www.aztagdaily.com/archives/445814