Մինչեւ 18 տարեկաններու բժշկութիւնը պիտի դառնայ անվճար

Մինչեւ 18 տարեկաններու բժշկութիւնը պիտի դառնայ անվճար

ՀՀ կառավարութիւնը 12 միլիառ 33 միլիոն դրամ յատկացուցած է առողջապահութեան ոլորտի ամենէն հրատապ եւ կարեւոր շարք մը ծրագրերը ընդլայնելու համար:

Այսպէս, հիւանդանոցներու մէջ 0-18 տարեկաններու բժշկութիւնը պիտի դառնայ անվճար:

«Մինչեւ հիմա այդ հնարաւորութենէն կ՚օգտուէին մինչեւ 7 տարեկան, հաշմանդամ, առանց ծնողական խնամքի մնացած եւ շարք մը այլ խումբերու ընտանիքներու երախաները։

Փոփոխութեամբ՝ պետութեան կողմէ երաշխաւորուած անվճար եւ արտօնեալ պայմաններով բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման իրաւունք ունեցող մինչեւ 18 տարեկան շահառուներու թիւը կ՚աւելնայ շուրջ 200 հազար հոգի։

ծրագիրը պիտի նպաստէ առողջ սերունդ ունենալուն», ըսուած է որոշման հիմնաւորման մէջ:

Ծրագրով` առաջին եւ 2-րդ խումբի հաշմանդամներու, զինուորներու ընտանիքի անդամներուն եւ յատուկ խումբերու մէջ ընդգրկուած այլ քաղաքացիներու բժշկական օգնութեան ծրարը եւս պիտի ընդլայնուի` ընդգրկելով սրտի վիրահատութիւնը եւ նորագոյն թանկարժէք այլ արհեստագիտութիւններով կատարուող բժշկական ծառայութիւնները:

antsoutarts1a

azadkhosk.com/aylazan9306.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail