27 հոկտեմբեր 2015
“Մոսկուա” հանդիսասրահին մէջ 27 Նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ “Խնուս” Մշակութային հիմնադրամի 10-ամեակին նուիրուած հայրենասիրական երեկոն, ուր ցուցադրուեցաւ Սամուէլ Մհերեանի “Տունդարձի Ճամբան” վաւերագրական ժապաւէնը։ Ժապաւէնը նկարագրած է արմատներով Խնուսցի Պարոյր Գէորգեանի նախաձեռնած ուխտագնացութիւնը դէպի Արևմտեան Հայաստան, ուր ուխտաւորները անցնելով բնօրրան աշխարհի մի քանի քաղաքներով՝ Անի, Կարս, Վան, Բիթլիս, Մուշ, վերջապէս կը հասնին Խնուսի Բուռնազ գիւղը և կը գտնեն երախտաւոր հայորդիին Արամ Պապի տունը․․․
Նախքան ժապաւէնի ցուցադրութիւն, օրհնութեան խօսքով երեկոյի բացումը կատարեց Տէր Սիփան Քահանայ Գրիգորեանը։ Երեկոյի ընթացքին յատուկ խօսքերով հանդէս եկան;
ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի նախագահ, “Խնուս” Մշակութային հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ՝ Էդիկ Մինասեանը։
Արևմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Տիգրան Փաշապեզեանը,
Արևմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդի և Արևմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմենակ Աբրահամեանը,
“Տունդարձի Ճամբան” ժապաւէնի բեմադրիչ, “Խնուս” Մշակութային հիմնադրամի տնօրէն՝ Սամուէլ Մհերեանը։
Արևմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմենակ Աբրահամեանը, հանդիսութեան ներկայ գտնուող հայրենակիցներուն, որոնց շարքին արմատով խնուսցիներ ալ, յանձնեց Արևմտեան Հայաստանի հայերուն ինքնութեան ու քաղաքացիութեան անձագրեր։
“Սօսէ Մայրիկ” կամաւորական ջոկատի հրամանատար և “Ազատամարտիկ” ՀԿ-ի ղեկավար՝ Հայկ Յարութիւնեանը, Նորագոյն զինեալ ազատագրական պայքարի և Արցախեան ազատագրական պայքարի խումբ մը մարտիկներու պարգեւատրեց պատուագրերով ու յուշամետալներով։
Ազգային, երաժշտական երգերու կատարողութեամբ, ներկաներուն ոգեւորեց ու ողջունեց բազմատաղանդ երգիչ Վրէժ Ճղրիկեանը։ Երեկոն անցաւ ազգային հայրենասիրական ջերմ ու խոհառատ մթնոլորտի մէջ։
Արևմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան
Կառավարութեան Լրատուական Բաժին
02․11․2015