«Կայծ Մը Բաւարար Է, Որ Ծոցի Շրջանը Բռնկի, Եւ Ամերիկան Պիտի Ըլլայ Աղէտին Պատասխանատուն» Կ՛ըսէ Լաւրով
18 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց. «Ծոցի մէջ ամերիկեան գործելաոճը կրնայ շրջանին մէջ աղէտի առաջնորդել»:
«Կայծ մը բաւարար է, որ կացութիւնը բռնկի», աւելցուց Լաւրով:
«Շրջանին մէջ լարուածութեան ներկայ բարձրացումը ուղղակի հետեւանքն է Իրանի նկատմամբ կարծր դիրքորոշման, որ կարգ մը դաշնակիցներու հետ որդեգրած է Ուաշինկթըն: Միացեալ Նահանգներ իր մկանները կը ցուցադրէ, Թեհրանի վարկաբեկման արշաւ կը շղթայազերծէ եւ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը կ՛ամբաստանէ բոլոր յանցանքներով», ըսաւ ան:
«Ատիկա կը ստեղծէ վտանգաւոր կացութիւն մը, եւ կայծ մը կրնայ բաւարար ըլլալ զայն բռնկեցնելու, իսկ ատոր հաւանական աղէտալի հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը կը կրեն Միացեալ Նահանգները», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Միւս կողմէ, Լաւրով «Արկումենթի ի Ֆաքթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ Ռուսիան պիտի սերտէ Վրաստանի դէմ որդեգրուած քայլերու, մասնաւորաբար թռիչքներու արգելքի ջնջման կարելիութիւնը, եթէ ռուսերու անվտանգութեան համար սպառնալիքները դադրին գոյութիւն ունենալէ:
«Յոյս ունինք, որ վրացական իշխանութիւնները պիտի կարենան կայունացնել հասարակական-քաղաքական իրավիճակը երկրին մէջ եւ վերացնել ռուսերու անվտանգութեան համար գոյութիւն ունեցող սպառնալիքները», ըսած է ան:
«Մենք կ՛ուզենք բարեկամ ըլլալ եւ համագործակցիլ` յանուն Ռուսիոյ եւ Վրաստանի բարօրութեան», աւելցուցած է Լաւրով:
Լաւրով. «Արեւմուտքը Կը Միջամտէ Վրաստանի Եւ Ուքրանիոյ Գործերուն, Հայաստանի Պարագային Իրավիճակը Այլ Է»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Ռուսիան յատուկ ուշադրութեամբ կը վերաբերի Հայաստանի եւ յետխորհրդային շրջանին մէջ այլ երկիրներու քաղաքական իրադարձութիւններուն: Այս մասին ան ըսած է «Արկումենթի ի Ֆաքթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Արեւմուտքը աշխուժօրէն սկսած է միջամտել խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի գործերուն:
«Հայաստանի պարագային իրավիճակը այլ է: Այդ երկիրը Անդրկովկասի մէջ Ռուսիոյ առանցքային գործընկերն է: Այդ երկրին հետ հաստատուած են ռազմավարական, դաշնակցային յարաբերութիւններ: Աշխուժ բնոյթ կը կրեն քաղաքական երկխօսութիւնը, խորհրդարանական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակի վրայ համագործակցութիւնը: Ռուսիան Հայաստանի յառաջատար տնտեսական գործընկերն է: Աշխուժ կերպով կը զարգանան կրթական, մշակութային եւ ներդրումային, ռազմական-արհեստագիտական կապերը», ըսած է Լաւրով:
aztagdaily.com/archives/446179