Էրպիլի Մէջ Սպաննուեցան Իրաքի Մէջ Թուրքիոյ Ընդհանուր Հիւպատոսին Տեղակալն Ու Անոր Երկու Թիկնապահները

Էրպիլի Մէջ Սպաննուեցան Իրաքի Մէջ Թուրքիոյ Ընդհանուր Հիւպատոսին Տեղակալն Ու Անոր Երկու Թիկնապահները

18 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Էրպիլի մէջ հրացանաձգութեան մը պատճառով սպաննուեցան երեք անձեր` Իրաքի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսին տեղակալն ու անոր երկու թիկնապահները:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ անոնք Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաքի Այն Քաուհ շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ էին, երբ անծանօթ զինեալներու կողմէ ենթարկուած են յարձակումի:

Դէպքէն անմիջապէս ետք քաղաքին մէջ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ:

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) հերքեց, թէ ինք կը կանգնի թուրք դիւանագէտին եւ անոր երկու թիկնապահներուն սպանութեան ետին: Կուսակցութեան զինեալ թեւի` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու բանբեր Տիար Տենիզ յայտնեց, որ մինչեւ այս պահը իր կուսակցութիւնը կապ չունի յարձակումին հետ` նշելով. «Յարձակումին մասին տեղեկութիւններ չունինք»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Էրպիլի մէջ սպաննուած են Թուրքիոյ հիւպատոսի տեղակալն ու հիւպատոսարանի երկու պաշտօնեաներ, իսկ ուրիշներ վիրաւորուած են:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր կարգին յայտարարեց, թէ պէտք եղած ձեւով պիտի հակադարձէ կատարուած յարձակումին:

aztagdaily.com/archives/446192

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail