Փաշինեան. «Հայոց Բանակը Պէտք Է Ըլլայ Շրջանի Ամէնէն Ուսեալ Եւ Մտաւորականը»
20 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 19 յուլիսին բանակի սպաներուն ու զինուորական դպրոցի ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ հայկական բանակը պէտք է ըլլայ շրջանի ամէնէն ուսեալ եւ մտաւորական բանակը:
«Զինուորին ծառայութեան ժամկէտը որոշ չափով նաեւ ուսումնառութեան ժամանակաշրջան է: Մեր կառավարութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը այն է, որ մենք առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտագործենք զինուորին ուսումնառութեան այս շրջանը, որպէսզի զինուորը ծառայութենէ զօրացրուելու ատեն շատ աւելի բարձր իմացական եւ ուսումնական մակարդակ ունենայ, քան մինչեւ ծառայութեան զօրակոչուիլը: Հայոց բանակը պէտք է ըլլայ շրջանի ամէնէն ուսեալ եւ մտաւորական բանակը», շեշտած է ան:
Վարչապետը նշած է, որ հայոց բանակը հիմնական տեղն է, ուր քաղաքացիներուն կը սորվեցնեն յաղթելու արուեստն ու հմտութիւնները:
«Ես համոզուած եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կայ յաղթողի տաղանդ, եւ հայոց բանակը պէտք է ձեզի օգնէ այդ տաղանդը զարգացնելու մէջ», յայտնած է Փաշինեան:
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեան:
aztagdaily.com/archives/446520