Իրան Կը Հերքէ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Իրանեան Անօդաչու Թռչող Սարքի Վար Առնուիլը

Իրան Կը Հերքէ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Իրանեան Անօդաչու Թռչող Սարքի Վար Առնուիլը

20 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրան որեւէ տեղեկութիւն չունի Միացեալ Նահանգներու կողմէ վար առնուած իրանեան անօդաչու թռչող սարքին մասին: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ:

«Մենք անօդաչու թռչող սարք կորսնցնելու մասին տեղեկութիւն չունինք», ըսած է Զարիֆ:

Ան նաեւ իր թուիթըրեան էջին վրայ հրապարակած է աշխարհի քարտէսը` Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի ուրուագիծերով: Ան այդպիսով յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուին Հորմուզի նեղուցէն հեռու` շրջանին մէջ իրավիճակին միջամտելու համար:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի իր կարգին յայտարարեց. «Թեհրան Հորմուզի նեղուցին վերեւ կամ որեւէ այլ տեղ անօդաչու թռչող սարք չէ կորսնցուցած»:

«Ըստ մեր ենթադրութիւններուն, Ուաշինկթըն սխալմամբ իր անօդաչու թռչող սարքը վար առած է», նշեց ան:

Իրանեան զինեալ ուժերու բանբերը եւս հերքեց Հորմուզի նեղուցին վերեւ թռիչք կատարող իրանեան անօդաչու թռչող սարքի մը կորուստին լուրը:

«Մեր բոլոր օդանաւերը, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին նշածը, հետախուզական առաքելութիւն կատարելէ ետք ապահով վերադարձած են իրենց ռազմակայանները», ըսաւ ան:

Թրամփ յայտարարած էր, որ ամերիկեան ծովուժի նաւ մը Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ վար առած է իրանեան անօդաչու թռչող սարք մը:

«Անօդաչու թռչող սարքը անմիջապէս ոչնչացուած է», յայտարարած էր ան` աւելցնելով, որ հետախուզական սարքը Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ գտնուած է ամերիկեան նաւերէն 900 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Ըստ անոր, անօդաչու թռչող սարքը սպառնացած է թէ՛ ամերիկեան նաւու, թէ՛ անոր անձնակազմի անվտանգութեան, այդ պատճառով ալ ոչնչացուած է: Թրամփ միւս երկիրներուն կոչ ուղղած էր դատապարտելու Իրանի գործողութիւնները եւ պաշտպանելու իրենց նաւերը:

Սպիտակ տունը երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ իրանեան անօդաչու թռչող սարքին վար առնուած ըլլալուն վերաբերեալ շօշափելի փաստ ունի:

aztagdaily.com/archives/446553

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail