«Թուրքիոյ «Էֆ-35» Ծրագիրէն Բացառումը Բացասական Անդրադարձ Պիտի Ունենայ ՕԹԱՆ-ի Վրայ» Կ՛ըսէ Աքար

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար

«Թուրքիոյ «Էֆ-35» Ծրագիրէն Բացառումը Բացասական Անդրադարձ Պիտի Ունենայ ՕԹԱՆ-ի Վրայ» Կ՛ըսէ Աքար

20 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրէն Թուրքիոյ բացառումը բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի վրայ: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:

«Թուրքիոյ` «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրութեան ծրագիրէն դուրս մղումը, բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի ներուժին վրայ, մասնաւորաբար անոր հարաւային սահմաններուն վրայ: Մեր երկիրը այդ ծրագիրէն դուրս ձգելու միակողմանի որոշումը անարդար եւ անօրինական է: Առաջարկել Միացեալ Նահանգներուն` զերծ մնալ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վնասող քայլերէն, մեր լիարժէք իրաւունքն է», յայտարարած է Աքար:

Միացեալ Նահանգներ չորեքշաբթի օր յայտարարած էին` նորագոյն «Էֆ-35» տիպի հալածիչներու ծրագիրէն Թուրքիան հեռացնելու մասին, այն բանէն ետք, երբ սկսած էր ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ստանալ:

Թուրքիան «Էֆ-35»-ի ծրագիրի գլխաւոր մատակարարներէն էր եւ, ըստ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, այդ ծրագիրի կեանքի կոչման համար ներդրած էր 1,5 միլիոն տոլար:

aztagdaily.com/archives/446539

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail