Թրամփ Կը Սերտէ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Հաւանականութիւնը. Ծերակուտական Սքոթ Պատրաստած Է Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը
20 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ամերիկացի հանրապետական ծերակուտական Ռիք Սքոթ պատրաստած է բանաձեւի նախագիծ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար պատժամիջոցներ հաստատելու Թուրքիոյ դէմ:
Նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ նշեալ պատժամիջոցները հաստատելու` հիմնուելով «Ամերիկայի հակառակորդներու դիմակայման մասին» օրէնքին վրայ, եւ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը կը նկատէ ամերիկեան շահերուն ուղղակի սպառնալիք մը:
Ըստ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութեան, օրինագիծին մէջ գրուած է. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ հանրապետութիւնը կը ղեկավարէ մարդու իրաւունքները ոտնակոխող մենատիրական վարչակարգով, անցած է իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներուն կողմը եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Իսրայէլի դէմ որդեգրած սադրիչ դիրքորոշում»:
Աղբիւրը կը նշէ, թէ ծերակուտական Սքոթի կողքին օրինագիծին հեղինակն է ծերակուտական Թոտ Եանկ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ այնուամենայնիւ կը սերտեն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման համար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու հաւանականութիւնը, սակայն տակաւին որոշում չէ տրուած այս գծով:
«Մենք այդ մէկը կը սերտենք», ըսած է Թրամփ լրագրողներուն` աւելցնելով, որ այդ հարցով տակաւին որոշում չկայ:
Թրամփ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը չի սերտեր Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու տարբերակը:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ արդէն որոշած են Թուրքիան ամերիկեան «Էֆ-35» կործանիչներու արտադրութեան ծրագիրէն բացառելու մասին` ի պատասխան «Էս-400»-ներու գնման:
Նշենք, որ դեմոկրատական ծերակուտական Պապ Մենենտեզ յայտարարած է, թէ Թուրքիան «Էֆ-35»-ներու ծրագիրէն դուրս մղելը բաւարար պատժամիջոց չէ:
aztagdaily.com/archives/446541