Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը
19 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յուլիս 18-ին, հիւրընկալած է յատուկ այցելութեամբ Հայաստան գտնուող` Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախագահը ողջունած է Պերեճիքլեանի այցելութիւնը հայրենիք եւ բարձր գնահատած անոր գործունէութիւնը յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի:
Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը տակաւին 1997 թուականին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ ընդունած է:
Կլատիս Պերեճիքլեան ըսած է, թէ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածի թոռնուհի եւ այցելելով Հայաստան` հպարտ է իր հայկական ծագումով եւ արմատներով: Ան յոյս յայտնած է, որ իւրաքանչիւր յաջորդ այցելութեան Հայաստանը տեսնէ աւելի զարգացած:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգի` Նիւ Սաութ Ուէյլզի միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներու շուրջ, խօսած նաեւ աւստրալահայ համայնքի եւ անոր ունեցած դերակատարութեան մասին:
yerakouyn.com/2019/07/19/նախագահ-արմէն-սարգսեան-ընդունած-է-նիւ/