Ազերիական Ախորժակները Զսպելու Պայքար – ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ – «Նոր Յառաջ»
20 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Տարիներ առաջ, Ատրպէյճան Արցախի օդակայանի վերաբացման նախօրէին սպառնացած էր քաղաքացիական թռիչքները ռմբակոծել՝ արգելք հանդիսանալու համար օդակայանին գործարկումին: Այն ժամանակ, նախագահ Սերժ Սարգսեան բուռն կերպով հակազդած էր ազերիական սպառնալիքին եւ յայտարարած, թէ ինք պիտի ըլլայ Երեւան-Արցախ առաջին ճամբորդը. այսուհանդերձ հայկական կողմը չէր կրցած յաղթահարել այդ սպառնալիքը, հակառակ երկրի նախագահին յոխորտանքին: Անցեալ շաբաթ, շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի ջանքերուն, քոնկրեսական Շըրմըն քուէարկել տուաւ բանաձեւ մը, որ ամերիկեան կառավարութեան կ՛արգիլէր Ատրպէյճանին ծախել ռազմական միջոցներ, որոնք կրնան գործածուիլ Արցախի օդակայանի քաղաքացիական օդանաւերուն վրայ կրակելու նպատակով: Թէեւ Ատրպէյճան պէտք չունի ամերիկեան ռազմամթերքի խոցելու համար Արցախի քաղաքացիական թռիչքները, այսուհանդերձ բանաձեւը Միացեալ Նահանգներու կողմէ ազդարարութիւն մըն է Ատրպէյճանին, զայն սաստելու ձեւ մը՝ ուղղուած անոր ռազմական ախորժակներուն ու հռետորաբանութեան:
Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգները արձանագրեց երկրորդ հայանպաստ նախաձեռնութիւն մը,– այդ եւս Հայ Դատի ջանքերով,– Քոնկրեսին մէջ Չուի բանաձեւի որդեգրումով, որ կը պահանջէր Արցախ-Ատրպէյճանի սահմանի հսկողութեան համար դիտարկումի սարքեր զետեղել՝ նուազեցնելու համար սահմանային լարումը եւ մահացու միջադէպերը: Պահանջ մը, որ մասնաւորապէս Ապրիլեան պատերազմէն ետք յաճախ ներկայացուած էր հայկական կողմէն, սակայն ցայսօր թուղթի վրայ մնացած էր:
Արցախի եւ Հայաստանի ի նպաստ այս բանաձեւները եկան հակակշռելու ֆրանսական կառավարութեան կողմէ Ֆրանսա-Արցախ քոյր քաղաքներու բարեկամութեան ուխտերը արգիլող դատավճիռը եւ Պաքուի մէջ 30 Յունիսէն 10 Յուլիս, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան խորհուրդի 43րդ նստաշրջանին գումարումը: Այս երկուքը ազերիական դիւանագիտութեան կարեւոր ձեռքբերումներն են, որոնք ցոյց կու տան հայեւազերիական հակամարտութեան բազմաթիւ ծալքերը, ռազմականէն մինչեւ դիւանագիտականն ու քարոզչականը. Հայաստանի ներքաղաքական հակադրութեանց պայմաններուն մէջ, աւելի հրամայական կը դառնայ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք սերտ գործակցութիւնը, դիմակայել կարենալու համար Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տեւական յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն:
Ֆրանսայի մէջ, պայքարի նոր էջ մը բացուեցաւ՝ Մաքրոնի կառավարութեան կողմէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան ուխտերու դատական ջնջումով: Անցեալ շաբաթ հանրային ցոյցի կոչով առաջին փորձ մը կատարեցին նորսերունդականները: Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համագործակցութեան ռազմավարութեան մը մշակումը, թէ՛ ներհայկական, թէ՛ ֆրանսահայկական մակարդակներով, հակակշռելու համար ազերիական կառավարութեան հակահայ քաղաքականութիւնը:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիրն է
asbarez.com/arm/350898/Ազերիական-Ախորժակները-Զսպելու-Պայքա/