07 հոկտեմբեր 2015
Ռուսիոյ օդուժի հրամանատար զօր. Վիքթոր Պոնտարեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիա ուղարկած է հակաօդային հրթիռային համակարգեր` պաշտպանելու համար այդտեղ գտնուող իր ուժերը:
Պոնտարեւ յայտարարեց, որ Մոսկուա բոլոր հաւանական սպառնալիքները ուսումնասիրած է եւ ոչ միայն կործանիչներ եւ ռմբաձիգներ ուղարկած, այլ նաեւ հակաօդային հրթիռային համակարգեր` զանոնք օգտագործելու համար «ծայրայեղ անհրաժեշտութեան» պարագային, ինչպէս Սուրիոյ կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող օդակայաններէ օդանաւերու առեւանգման փորձերու կամ օդային հարուածներու պարագային:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ կը գտնուին 50 կործանիչներ եւ ուղղաթիռներ, ինչ որ բաւարար է եւ ներկայիս պէտք չկայ անոնց թիւը բարձրացնելու:
Պոնտարեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ արդէն իրենց երկրորդ ամիսը մուտք գործած զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին ռուսական օդուժը կորուստներ չէ ունեցած եւ արեւմտեան լրատուամիջոցներու կողմէ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու վար առնուելուն մասին լուրերը նկատեց կատարելապէս սուտ:
http://www.aztagdaily.com/