Էրտողան Դարձեալ Կիպրոս Ներխուժելու Պատրաստակամութեան Մասին Կը Յայտարարէ

22 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ 400.000 զինուոր ունեցող թրքական բանակը պատրաստ է ներխուժելու Կիպրոս, եթէ պէտք ըլլայ պաշտպանել կիպրացի թուրքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՍայփրըսՄէյլ»:

«Ամբողջ աշխարհը կը հետեւի մեր վճռականութեան: Ոեւէ մէկը չի կրնար կասկածիլ, թէ Թուրքիոյ հերոսական բանակը, որ Կիպրոսը հայրենիք կը նկատէ, առանց վարանելու պիտի դիմէ այն նոյն քայլին, որուն դիմեց 45 տարի առաջ, եթէ ատիկա անհրաժեշտ է կիպրացի թուրքերուն կեանքին ու անվտանգութեան համար», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:

Էրտողան այդ յայտարարութիւնը կատարած է Թուրքիոյ Կիպրոս ներխուժման 45-ամեակին առիթով:

Միջազգային վերլուծաբանները Թուրքիոյ նախագահին այս խօսքերը կը նկատեն ՕԹԱՆ-ին ուղղուած նախազգուշացում մը, թէ Թուրքիան պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային գործելու ՕԹԱՆ-ի դէմ:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Էրտողանի յայտարարութիւնը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ վերջերս շրջանառուող այն տեղեկութիւններով, որ Բրիտանիան մտադիր է Կիպրոսի մէջ տեղակայել «Էֆ-35» հալածիչներու մէկ մասը:

aztagdaily.com/archives/446744

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail