«Եթէ Թուրքիան Մեր Դէմ Յարձակում Գործէ, Ամբողջ Սահմանային Շրջանը Պիտի Վերածենք Պատերազմի Դաշտի» Կ՛ըսեն Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը
22 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր դաշինքը յայտնեց, որ չ՛ուզեր Թուրքիոյ դէմ պատերազմ մղել, սակայն այդ դաշինքի ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի զգուշացուց, թէ Եփրատի արեւելեան ափի քրտական որեւէ շրջանի դէմ յարձակում մը ամբողջ սահմանային շրջանը պիտի վերածէ պատերազմի դաշտի:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր դաշինքի ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի Հոլանտայի մէջ լոյս տեսնող քրտական «Ենի Էօզկիւր Փոլիթիքա» օրաթերթին յայտնեց, թէ ենթահողը պատրաստուած է, եւ իր ղեկավարած ուժերը պատրաստ են գրգռութիւններու եւ սադրանքներու թրքական պետութեան կողմէ, որ մեծաթիւ ուժեր կուտակած է հիւսիսային Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ:
«Եփրատի արեւելեան ափին վրայ չի կրնար կրկնուիլ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Աֆրինի մէջ: Ատիկա երբեք պիտի չարտօնենք, եւ եթէ թրքական բանակը մեր շրջաններէն որեւէ մէկուն դէմ յարձակում շղթայազերծէ, այդ մէկը պատճառ պիտի դառնայ մեծ պատերազմի», նշեց ան:
Ապտի յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի անդամ երկիրներուն փոխանցած են իրենց այդ որոշումը` շեշտելով, որ այդպիսի պատերազմ մը պիտի առաջնորդէ Սուրիոյ մէջ երկրորդ ներքին պատերազմի ծագման, որ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Թուրքիան հեռանայ:
Ինչ կը վերաբերի շրջանին դէմ թրքական հաւանական յարձակումի մը նկատմամբ Ուաշինկթընի կեցուածքին, Ապտի ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներուն հետ համաձայնութիւն ունինք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին շուրջ: ՏԱՀԵՇ-ի հետ մեր պատերազմը ներկայիս Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի շրջանին մէջ է, եւ եթէ մեր դէմ որեւէ յարձակում տեղի ունենայ, ապա Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն մաս կազմող Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները պիտի հեռացնենք դէպի սահմանային շրջաններ: Ատիկա ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին կանգ առնելը կը նշանակէ, ինչ որ պիտի վնասէ համաձայնութեան»:
aztagdaily.com/archives/446732