07 հոկտեմբեր 2015
ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ
«Լաւ, ճիշդ, իսկական, հայրենասէր ու ազգասէ՛ր թուրք ըլլալու համար` հարկ է որ ան ուրանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը», կ’ըսէր առիթով մը, քանի մը տարի առաջ, Փերինչեքի փաստաբաններէն մէկը, արդարացնելով անոր ուրացումը: Այս սահմանումէն կարելի է հետեւցնել, որ Փերինչեքի ու իր նմաններուն համար թուրք ըլլալ կը նշանակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալ: Փերինչեքի «թրքութեան» աստիճաններուն մանրամասնութեամբ չէր հետաքրքրուած Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը: Դատը կը վերաբերէր Փերինչեքի արտայայտութեան անմիջական ազդեցութեան Զուիցերիոյ մէջ, որ ըստ արձակուած վճռին մտահոգիչ չէր, չունենալով ցեղապաշտական բնոյթ եւ նպատակ:
Ի շահ Փերինչեքի վճռուած դատէն ետք, հայաշխարհն ու յատկապէս հայկական մամուլը, որ վերջերս նաեւ ապատեղեկատուական ոտնձգութիւններու դէմ արշաւի ելած է, չունեցաւ արժանապատուութիւնը, գոնէ առաջին օրերուն, այս հասարակ ճշմարտութիւնը սեւով ճերմակի վրայ խոստովանելու: Հազարումէկ դրական տուեալներ ոտքի հանուեցան վճիռին մէջ: Երեւոյթը մտահոգիչ էր: (Յուսատու երեւոյթ մըն է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ սկսած քննարկումի այս սիւնակը, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցը գէթ քանի մը կողմէ դիտել ու, ինչպէս յաճախ կը պատահի, զայն շուտով թերթատելով ուրիշ բաներու չանցնիլ): Խաղող ուտելու փոխարէն պարտիզպան ծեծելու հոգեբանութեամբ ոտքի կանգնող արտայայտութիւններէն ընդվզեցուցիչները հետեւեալներն էին.- Ա. Եւրոպական Դատարանը «ամբողջութեամբ [կը կրկնեմ` ամբողջութեա՛մբ – Ի.Չ.] բաւարարած Է Փերինչեքի գործով Հայաստանի կառավարութեան պահանջները», Բ. Այս դատավճիռը «յաղթանակ մըն է Հայաստանի համար» (Ամալ Քլունի): Եթէ Հայաստանի կառավարութեան պահանջները բաւարարուած են այս դատավճիռով, – եթէ իսկապէ՛ս այդպէս է, եւ` ամբողջապէ՛ս բաւարարուած, – հարկ է լրջօրէն մտահոգուիլ: Իսկ եթէ պարտութեան (իմա` հաւկիթին) մէջ յաղթանակի «մազ» փնտռելու ելած ենք` ուրեմն օր մըն ալ կարելի պիտի ըլլայ պաշտպանել… Փերինչեքի «իրաւունքը»:
Հայաստան եւ Թուրքիա դատին կը մասնակցէին իբրեւ երրորդ կողմ, որովհետեւ բուն դատը Փերինչեքի ու Զուիցերիոյ պետութեան միջեւ էր: Կարելի է հարց տալ` այստեղ Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակից ներկայութիւնը ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր: Եթէ չմասնակցէր` արդիւնքին դրական կամ ժխտական պարագաներուն ալ շահաւոր պիտի ըլլար ան: Իսկ ներկայ արդիւնքէն ետք կատարուած «ինքնարդարացման» ձեւը ծիծաղելի, անընդունելի ու նոյնիսկ` վտանգաւոր է կարգ մը պարագաներու: Նոյնն ալ է պարագան ինքնարդարացման փորձերուն երկու փաստաբաններուն, որոնք հայկական կողմը կը պաշտպանէին: Այս վճիռին պիտի դիմեն, երբոր ուզեն, Թուրքիայէն մինչեւ Եւրոպա եւ այլուր, պաշտօնական կամ անպաշտօն անձերէն մինչեւ մեր համալսարանի ուսանողները, իբրեւ «փաստացի տուեալի», նոյնիսկ եթէ «մեր» փաստաբանները «մեզ» վստահեցնեն, որ այդպիսի յղումներ կարելի պիտի չըլլան…:
Իրաւագիտական ու իրաւաբանական դաշտերու իրադարձութիւնները հարկ է թողուլ համապատասխան մասնագէտներու գնահատանքին: Հետաքրքրական եւ ուսանելի էին այս իմաստով քանի մը նիւթեր (Sevane Garibian: «The polarization in Grand Chamber is important», Fatih Gökhan Diler 10/27/2015[1], Vicken Cheterian: «The European Court of Human Rights violates my rights», 24/10/2015[2]).
Ես կ’ուզեմ դատական այս վճիռը առիթի վերածել, կատարելու համար քանի մը գաղափարներու մասնակի ընդլայնումը այստեղ:
Ցեղասպանութիւնը, անոր ճանաչումն ու ուրացումը ենթակայական որոշումի` անհատական կարծիքի ազատութեան սահմաններէն անդին են: Զուիցերիոյ կամ այլ պետութեան մէջ անոր ճանաչումն ու ուրացումը համամարդկային արժեչափ մը ունենալու են, որովհետեւ համայն մարդկութեան կը վերաբերի այս հարցը: Սակայն տուեալ երկրի սահմանադրութիւնը կամ համազօր օրէնքն է որ կը սահմանէ ազատօրէն ըսուելիքն ու չըսուելիքը: Արդ, ի՞նչ ընել, որ «մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրը» բոլո՛ր մարդոց` համայն մարդկութեան համար զգայնութիւն մը յառաջացնէ: Միջազգային ու համամարդկային կազմակերպութիւններու դռները զարնուած են մինչեւ այսօր իրաւամբ. անոնք ալ գտնուած են քաղաքական (նպաստաւոր կամ աննպաստ) ճնշումներու տակ: Ցարդ կատարուածը այս է: Քաղաքական ճնշումներէն անդին ո՞ւր երթալ: Աւելի լաւ է` առանց այդ ճամբէն ամբողջապէս հրաժարելու, քիչ մը ասդին գալ ու մեր խոհանոցին մաքրութեամբ զբաղիլ քիչ մը, որովհետեւ այստեղ ահագին գործ կայ ընելիք:
Երբ «մեր» ցեղասպանութեան մասին կը խօսինք, կը խորհրդածենք ու կը քննարկենք` բանիւ եւ գրով, հարկ է որ չմոռնանք, թէ «մեր» ցեղասպանութիւնը եւրոպական հողի վրայ տեղի չունեցաւ: Մենք եւրոպացի ժողովուրդ մը չէինք, ինչպէս էին հրեաները, երբ բնաջնջուեցան: (Ասիկա չի հակադրուիր Եւրոպական դատարանի «միջազգային» ըլլալու հանգամանքին, որ միջազգային մակարդակով գործելու է): Ողջակիզման մասին առկայ լայն ծանօթութիւնը Եւրոպայի տարածքին յատկապէս կապ ունի ոճիրին` ա՛յդ ցամաքամասին վրայ կատարուած ըլլալու հանգամանքին հետ: Նոյն ձեւով ալ, «մեր» ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ է այսօ՛ր Եւրոպայի մէջ, որովհետեւ մենք եւրոպացի ժողովուրդներուն մաս եւ բաժին դարձած ենք հիմա, ցեղասպանութեան երկրորդ սերունդէն սկսեալ (այս ըսուածը ցեղասպանութենէն առաջ գոյութիւն ունեցած եւրոպական գաղութներու գոյութեան հետ կապ չունի), եւ մեր դատը կը ներկայացնենք մեր ապրած երկրին խորհրդարանին, որովհետեւ ցեղասպանութեան ուրացումը կրնայ մե՛ր հաւաքական ինքնութիւնը վիրաւորել: Հարցը արդէն ճիշդ հոս է.- ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է ու չունի «մերը-ձերը»: Ուրեմն, որեւէ ցեղասպանութեան ուրացումով որեւէ մարդ որեւէ ցամաքամասի վրայ «անարգուած» պէտք է ըլլայ, որովհետեւ այդ ոճիրը ամբողջական բնաջնջումով մը մարդը իր մարդութեան մէջ խեղդելու վճռական արարքն է: Մեզի վերաբերող հարցը ամէնուն վերաբերող հարցին վերածելը, սակայն, «մեր» գործն է: Այստեղ խօսքը պարզ քարոզչութեան մասին չէ (միաձայն, համոզող, պարտադրող), այլ` հիմնաւոր (բազմաձայն, երկխօսող): Ճանաչման համար եղածը ներկայացնելու աշխատանքը եւ անոր որակը շատ անհրաժեշտ են: Այս իմաստով հսկայական վաստակ ունի Ողջակիզումը: Այսօր Գերմանիոյ մէջ, ամէնէն պարզ գրախանութն անգամ աժանցուած հատորներու իր սակառին մէջ յաճախ Ողջակիզման մասին վէպ ունի: Բ. համաշխ. պատերազմին պարտեալ Գերմանիոյ պարագան անշուշտ տարբեր է: Մեր ալ շարժման կէտը մեր աշխատանքը եղած է: Ո՞վ չի գիտեր որ ճանաչման բոլոր թղթածրարներուն ետեւ, մինչեւ ՀՀ անկախացում, Հայ դատի գրասենեակ մը, հայկական գաղութ մը, հայկական դիմորդ կողմ մը կեցած է: Մեր «սեփականութիւնը» բոլորին «սեփականութիւն»-ը դարձնել` ծանուցանելով (ծանօթ դարձնելով), ճանաչման ամբողջական մակարդակի հասնելու նպատակով. արդարեւ… արդա՛ր նպատակ մը:
Մերը ինչպէ՞ս սակայն համայնական կը դառնայ: Հանրայնացման այս ճամբան յաջողապէս ու բաւականաչափ կտրած է Ողջակիզումը, գէթ արեւմտեան աշխարհին մէջ, համաշխարհային զգայնութիւն զարգացնելու միջոցները գտնելով: Խօսքը միայն դրամի ու քաղաքական ճնշումի մասին չէ, այլ ատոնցմէ ասդին:
Մեր ցաւը հայերէնի թարգմանելու` զայն հայկականի փորձառութենէն անցընելու, արարող կացութիւն ստեղծելու միջոցներուն չենք դիմած ցարդ: Ինչպէս Աստուածաշունչը հայացուեցաւ Ե. դարուն, նաեւ ցաւին հայացումը կրնայ մեր ցեղասպանագիտական նպաստը ըլլալ, այդ նպաստին մասին հարկ է մտածել, ցեղասպանագիտական (կամ ողջակիզագիտական) արդէն ծանօթ տուեալներ ու եզրեր ընդօրինակելէ առաջ եւ մանաւանդ` վերջ: Գիտական աշխարհ մուտք գործել, հոն գործածուող լեզուն խօսիլ` հարկաւ, սակայն նաեւ մեր նպաստը առաջադրել: Աւելի քան երեսուն տարի Հայոց ցեղասպանութեամբ զբաղող գերմանացի մասնագէտ մը, առիթով մը, չէր կրնար ըմբռնել, թէ «վրէժ» բառը ի՞նչ իմաստ ու արժեծալք ունի հայութեան հաւաքական ինքնութեան համար, թէ ինչպէ՞ս «Վրէժ» եւ «Վրէժուհի» հայկական անձնանուններ են: (Հարկ է այսպիսի անձերուն ականջն ի վար երեքնել Եղեռնի՛ն իսկ զոհ Վարուժանեան վրէժները` «Վրէժ, վրէժ, վրէժ երգեցի…»): Եթէ մենք դժուարութիւն ունինք (արդար) «վրէժ»-ին հայկական յիշողութեան մէջ դրական հիմքերը բացատրելու մեր իսկ ճակատագիրը ուսումնասիրող մասնագէտներուն, որոնք մեր բառամթերքին ծանօթ չեն, ի՞նչ կը սպասենք ուրացող բազմութիւններէն:
Մասնագէտին համար դիւրին է բոլոր ցեղասպանութիւններուն մէջ ազդակներու եւ տուեալներու նոյնութիւններն ու նմանութիւնները նշել, հայկականին, հրէականին, ռուանտականին եւ միւս պարագաներուն ոճրային սեռի նոյնութիւնը ճշդել: Սակայն մասնագիտական նեղ շրջանակէն դուրս կու գայ ճանաչելիութեան ձգտող որեւէ հարց: «Լոյս աշխարհ» դուրս գալու համար առաջին քայլը դատարան դիմելը չէ: Ու հոս կը չափուինք Ողջակիզման հետ: Կատարե՞նք բաղդատականը իրագործուածին: Նկատի չունիմ լոպպիականը: Քաղաքական ճնշումներն ալ ունին իրենց յստակ ազդեցութիւնը: Ատոր մասնագէտներ շատ կան մերայնոց մէջ: Պակսողը հետեւեալն է:
Մեր պատմութիւնը կը մնայ փոշիներու տակ անպեղ(ելի): Ամբողջ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի՞ հայկական որեւէ տեսակի հաստատութիւն, որ կրնայ պարծենալ իր «պատմական» գոյութեամբ, եւ որ սակայն իր «պատմութիւնը» հանդիսագրող արխիւներուն ԳԷԹ ցուցակագրումը կատարած է… ցայսօր. չեմ ըսեր` բովանդակութիւնը հրամցուցած: Ձեռագրաց ցուցակներու (այսինքն իր ունեցած հարստութեան) քանի՞ տոկոսը հրատարակած է Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանը իր ողջ գոյութեան ընթացքին, սովետական խաղաղութեան տարիներէն մինչեւ այսօրուան անկախութեան տարիներ: Աւելի քան հարիւր տարուան կեանք ունեցող մեր քաղաքական աւանդական կուսակցութիւնները իրենց արխիւները պրպտելով տպագրած քանի՞ հատոր ունին: Անցէ՛ք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնարկներուն ու հաստատութիւններուն, առանց անտեսելու բացառութիւններու, եթէ կան, բարձրացուցած մատները: Ցեղասպանութիւնը տակաւին գրեթէ անծանօթ գիտութիւն է հոն, մեղադրելի չէ: Սակայն միւս հաստատութիւններուն ունեցուածքին մասին մենք յստակ տուեալներ ունի՞նք: Հարիւրին դիմաց ի՞նչ թիւ ունինք հրամցնելիք:
Կարելի է այս հարցաշարքը երկարել: Նպատակս այդ չէ: Կ’ուզեմ միայն բարձրաձայն հաստատել, որ համապատասխան հրէական հաստատութիւններ անհամեմատելի են իրենց կազմակերպ ու լուրջ վիճակին մէջ, Ողջակիզումը (ոչ միայն այդ) հասցնելով բծախնդիր ուսումնասիրութեան ծայրագոյն եւ առաջնորդո՛ղ աստիճաններու: Երբ դասաւորեալ ատաղձ ունիս` կրնաս խորաչափել նիւթդ: Մեզի կը պակսին` նիւթին ծալքերը դասաւորելու ճաշակն ու անոր նկատմամբ զգայնութիւն ունենալու նրբութիւնը: Նման համայնակուլ նիւթերու բազմակողմանի ու բազմամակարդակ ուսումնասիրութիւնը (չենք խօսիր անոր ներկայացման կամ ծանօթացման մասին) կրնայ տասնամեակներու վրայ տարածուիլ, երկա՜ր շունչի կը կարօտի, երկարաժամկէտ աշխատանք է, խմբականէն մինչեւ ցանցախումբերու աշխատանքի կը հասնի, սակայն մենք դժուարութիւնն ունինք համապատասխան մարմիններու ու անձերու բացատրելու, թէ նման աշխատանք… կարեւոր է: Եթէ Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգութեան իբրեւ անբաժան ընկերակից անոր ուրացումը կայ ցայսօր, միւս շուքն ալ անոր համապարփակ, խորազննին ու բազմակողմանի ուսումնասիրութեան հարիւրամեայ պակասն է, ցարդ կատարուած բոլոր յարգելի իրագործումներով հանդերձ: Նման հիմնադրիչ գործի մը անհրաժեշտութիւնը զգալու զգայարանքն իսկ չէ մնացած հայաշխարհին մէջ, ներս թէ դուրս: Առանց չակերտի ու բառացի իմաստով` մենք թուղթէ շերեփ իսկ չունինք, որեւէ տեսակ «դատ»-ի ներկայանալու համար…: Վատիկան հսկայական արխիւային նիւթ տրամադրելի դարձուցած էր Իգնատիոս արքեպսկ. Մալոյեանի երանացման նախօրէին, սրբադասման իբրեւ ենթահող: Մեր մօտեցման չափանիշը ո՞ր մակարդակին վրայ է` հարց տուա՞ծ ենք մէյ մը: Այո, հարիւրամեակի առթիւ քանի մը տասնեակ հատոր լոյս տեսաւ, կարեւոր եւ անկարեւոր, գիտական կամ հանրամատչելի, բայց ո՞ր ծրագրին հիման վրայ, մէկ կէտէն դէպի միւս` յաջորդ կէտ հանգրուանող քարտէսի մը ո՞ր տրամաբանութիւնը… կը բանէր հոն:
Գալով հանդիսական, պաշտօնական արարողութիւններուն, նոյնիսկ կարգ մը գիտաժողովներուն, որոնք մեծաւ մասամբ բնական ու ընդունելի երեւոյթներ են, սակայն մեծաւ մասամբ ալ կը մնան միջոց գրաւելու (միջոցառում), տեղ առնելու հանգամանքին զոհ, որոնք գուցէ յաջորդ պահուն իսկ մոռցուելով ձեռք արկանելու (ձեռնարկ) գործնական քայլին չեն հասնիր դժբախտաբար: Վերջին վայրկեանին մէջտեղ նետուած պատրաստաբանութիւնը կամ յանկարծախօսութիւնը զարգացման ատակութեան ցուցանիշ չեն երբեք:
Թրքական պետական արխիւները լեցուն են «մեր» նիւթերով ու մեր շարքերը հետզհետէ կը պարպուին, մենք հայկական իսկ արխիւները ուսումնասիրելու համար չենք կրնար մեր ուսանողները ներշնչել: Անձամբ Թրքական պետական արխիւ մուտք գործելու համար միայն կէս ժամ ժամանակի պէտք ունեցած եմ ու նոյն մտահոգութեամբ հայկական հաստատութիւններու կատարուած նամակներս անպատասխան մնացած են յաճախ…:
Երբեմն յառաջ կը դրուի այն կարծիքը, թէ Հրանդ Տինք ալ դէմ էր ուրացման քրէականացման: Կը մոռնանք, որ Հրանդ Տինք կ’ապրէր երկրի մը մէջ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան «ծանօթութեան» իսկ գծով ամենանախնական մակարդակը կը տիրէ(ր): Հրանդ Տինք կու տար ի՛ր մօտեցումը, որ կը մեկնէր ի՛ր կացութենէն: Իրեն համաձայն` անհրաժեշտ էր նախ բացատրել, ընդունիլ տալ: Բացատրելն ու ընդունիլ տալը տակաւին երազ էին իր ատեն ու դեռ անկատար են հիմա: Ճիշդ հոս է հարցը. ցեղասպանութիւն մը ու անոր ուրացումը «կարծիքս ու կարծիքդ» չեն ընդունիր, «պայմանս ու պայմանդ» չեն յարգեր, այլ համամարդկային տարողութիւն ունին: Սակայն ցեղասպանութիւն կամ պետական ոճիրներ դատապարտող միջազգային ատեանները արդի ժամանակներու արդիւնք են:
«Պարտուիլը» ի վերջոյ հասկնալու համար է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է «յաղթել»: Այլապէս, եթէ պարտութիւնն ալ զգալի պիտի չըլլայ` ի՞նչ տեսակ «յաղթանակ»-ի մասին կարելի է խօսիլ ընդհանրապէս:
«Արդար զոհ»-ը իր քունէն որեւէ ժամանակ կրնայ արթննալ: Միայն թէ հարկ մըն է, որ ան կարենայ անդրադառնալ իբրեւ զոհ ընդմիշտ յաղթական եւ յաջողակ ներկայացողի` ինքզինք պարտադրողի իր թերութիւններուն: Այս մակարդակը դեռ չենք նուաճած: Այս պիտի ըլլար «յաղթանակի» առաջին աստիճանը:
http://www.aztagdaily.com/