Պինկէոլի Մէջ Հայերէն Մնացած Մշակութային Հետքերը Օր Ըստ Օրի Կ՝ոչնչանան
22 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
«Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Պինկէոլի մէջ հայերէն մնացած մշակութային հարստութիւնը հետզհետէ կ՝ոչնչանայ։ Շատ աղօթատեղիներ կը քանդուին, իսկ կանգուն մնացածները՝ կը ծառայեցուին իբրեւ ախոռ։
Պինկէոլի Քղի, Սանճաք, Ադաքլը եւ Սոլհան շրջաններուն մէջ հայկական բնակավայրերու, աղօթատեղիներու եւ բոլոր մշակութային հարստութիւններու հետքերը կը ջնջուին։ Որոշ կառոյցներու մէջ պահպանուած արձանագրութիւնները հանուած են իրենց տեղերէն, տարածաշրջանին մէջ կ՝օգտագործուին միայն հայերէն մնացած աղբիւրները»,- Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով demokrathaber.org թրքական ընդդիմադիր լրատուամիջոցը։
Պինկէոլի Ադաքլը (պատմական հայկական Աստղաբերդ – խմբ․) շրջանին մէջ դեռ կանգուն մնացած է հին հայկական եկեղեցի մը, որուն անունը եւ պատմութիւնը տեղացիներուն յայտնի չէ։ Եկեղեցւոյ մօտ կառուցուած է մզկիթ, տեղի բնակիչները միայն գիտեն, որ կառոյցը նախապէս եղած է հայկական աղօթատեղի։ Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ եղած է արձանագրութիւն, բայց անիկա հանուած է, փոխարինուած՝ փայտի կտորներով։ Յայտնի է նաեւ, որ Ադաքլը շրջանին մէջ եղած են եւս երկու հին հայկական եկեղեցիներ, որոնք, ցաւօք, աւերուած են։ Եկեղեցիներուն տարածքը, ինչպէս միւս հայկական եկեղեցիներու պարագային, չէ խուսափած նաեւ գանձախոյզներու աւերիչ ազդեցութենէն։
Յօդուածին հեղինակը, որ շրջած է Պինկէոլի նախկին հայաբնակ շրջաններուն մէջ, կը գրէ․ «Դէպի եկեղեցի տանող ողջ ճանապարհին հանդիպող աղբիւրները, որոշ տուներու քարերն ու ճարտարապետութեան ոճը կը յուշեն, որ հայերը այս տարածաշրջանին մէջ ունեցած են երկարամեայ պատմութիւն»։
Պինկէոլի հայկական ճերմակ (այսօր՝ Եէլտէյիրմենի) անուամբ գիւղին մէջ եւս կայ կանգուն եկեղեցի մը։ Բնակավայրը, սակայն, լքուած է։ Եկեղեցին կիսաւեր վիճակի մէջ է։ Անիկա եւս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք յայտնուած է գանձախոյզներու թիրախին, ապա երկար տարիներ գիւղացիներուն կողմէ օգտագործուած իբրեւ ախոռ։ Այսօր կառոյցը լիովին անհետացման վտանգի տակ է։
Կիսաւեր այլ եկեղեցի մըն ալ պահպանուած է Պինկէոլի Քղիի շրջանին։ Յայտնի է միայն, որ եկեղեցւոյ անունը Սուրբ Գէորգ է։ Կառոյցին արձանագրութիւնները չեն պահպանուած։ Հայերուն հեռանալէն ետք՝ շինութիւնը ծառայած է իբրեւ ախոռ։ Պինկէոլի նահանգապետարանը 2015-ին յայտարարած էր, որ Չանաքչը գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ եկեղեցին շուտով պիտի վերանորոգուի։ Անգամ նշուած էր աշխատանքներու մեկնարկին տարեթիւը՝ 2016։ Սակայն անցած է արդէն երեք տարի, իսկ եկեղեցւոյ տարածքին վրայ որեւէ վերականգնողական աշխատանք մինչ օրս չէ կատարուած։
yerakouyn.com/2019/07/22/բինգէոլի-մէջ-հայերէն-մնացած-մշակութա/