«Օրորա» Մարդասիրական Նախաձեռնութիւնը #AraratChallenge Համաշխարհային Շարժումի Մը Կը Սկսի

«Օրորա» Մարդասիրական Նախաձեռնութիւնը #AraratChallenge Համաշխարհային Շարժումի Մը Կը Սկսի

19 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – «Օրորա»:

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարած է #AraratChallenge շարժումին սկիզբը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ IDeA հիմնարկը:

Նոր շարժում-հանգանակութիւ-նը նպատակ ունի օգնութեան ձեռք մեկնելու բոլոր անոնց, որոնք մարդասիրական աջակցութեան խիստ կարիքը ունին ամբողջ աշխարհի մէջ:

Տեսաուղերձով ուղեկցող #AraratChallenge շարժումը պիտի ընդլայնէ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ազդեցութիւնը եւ հասանելիութիւնը, եւ որուն նախագիծերը ուղղուած են աղքատութեան կրճատման, առողջապահութեան բարելաւման եւ կարիքաւորները կրթութեամբ ապահովելուն: Նուիրատուութեան այս կոչը բոլորին բացառիկ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ միանալու «Օրորա»ի առաքելութեան եւ խրախուսելու մարդասէրներու յետագայ սերունդները:

Շարժման հիմքը Արարատ լեռն է՝ փրկութեան եւ վերածնունդի համամարդկային խորհրդանիշը: Ինչպէս ժամանակին Ցեղասպանութիւնը վերապրած 100,000 հայ որբ երեխաներ հնարաւորութիւն ստացան նոր կեանք սկսելու, այդպէս #AraratChallenge-ը բացառիկ կարելութիւն կ՛ընձեռէ իւրաքանչիւրին՝ միանալու այս շարժման եւ երկրորդ հնարաւորութիւն տալու անոնց, որոնք ամենաշատը ունին անոր կարիքը:

«Արարատը Աստուածաշնչական այն լեռն է, որուն վրայ, ըստ առասպելին, իջեւանեց Նոյեան տապանը, այն լեռը, որ կը խորհրդանշէ մարդկութեան ընձեռուած երկրորդ հնարաւորութիւնը: Ինչպէս գիտենք, մէկ դար առաջ երկրորդ հնարաւորութիւն տրուեցաւ մեր նախնիներուն՝ փրկուելու եւ վերապրելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բազմաթիւ մարդիկ, անոնց մէջ նաեւ մեծ հայրս, իրենց կեանքով պարտական են այլոց մեծահոգութեան: Հարիւր տարի ետք՝ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունով մենք հիմնեցինք «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ «Օրորա» մրցանակը՝ իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն: Եւ մեր յանձնառութիւնն է երկրորդ հնարաւորութիւն տալ անոնց, որոնք այսօր կարիքի մէջ են: #Ararat-Challenge-ը բացառիկ հնարաւորութիւն է՝ միասին շարունակելու «Երախտագիտութիւնն՝ ի գործ» նախագիծերու շղթան», ըսաւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէյեան:

0720araratchallenge

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը այսօր՝ 19 Յուլիս 2019ին, կը սկսի #AraratChallenge շարժումը ամբողջ մարդկութիւնը հրաւիրելով՝ միանալու այդ շարժման եւ նուիրելու որեւէ գումար, նոյնիսկ ամիսը 1 տոլար, ապրելու նոր՝ երկրորդ հնարաւորութիւն տալով խոցելի եւ չքաւորութեան մէջ գտնուող մարդոց: Դրամահաւաքը պիտի ուղղուի «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ծրագրերուն, որոնց ուղղակի շահառուները նոյնինքն կարիքի մէջ գտնուողներն են:

«Ամէն անձ արժանի է երկրորդ հնարաւորութեան, եւ #Ararat-Challege-ը կոչ է մարդոց՝ օգնելու մեզի այդ հնարաւորութիւնը տալու ծայրայեղ կարիքի մէջ յայտնուածներուն, ամբողջ աշխարհի մէջ: Ես եւ շատ այլ հայեր այսօր ողջ ենք միայն անոր շնորհիւ, որ հարիւր տարի առաջ խիզախ ու կարեկից մարդիկ փրկած են մեր մեծ հայրերը: Այսօր կը շարունակենք ականատես ըլլալ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ բռնութեան, պատերազմներու եւ ցեղասպանութիւններու զոհ կը դառնան աշխարհի զանազան անկիւններ: Զարհուրելի այդ վայրագութիւններու առաջին զոհերը ամէնէն յաճախ երեխաներն են: Եւ եթէ հարիւր տարի առաջ մենք էինք օգնութիւն խնդրողները, այժմ մենք կրնանք օգնութեան ձեռք մեկնել, մենք կրնանք փոխել աշխարհը: Այսօր մեզի բախտ վիճակուած է աշխարհը աւելի ապահով վայր դարձնելու եկող սերունդներուն համար: Միացէք #AraratChallenge-ին եւ գործով արտայայտեցէք ձեր երախտագիտութիւնը», ըսաւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

asbarez.com/arm/350874/Օրորա-Մարդասիրական-Նախաձեռնութիւն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail