Սփիւռքի Երիտասարդներն ու Ազգային Պարի Ուսուցիչները, Երգչախումբերու Ղեկավարները Կը Վերապատրաստուին ՀՀ-ի Մէջ

Սփիւռքի Երիտասարդներն ու Ազգային Պարի Ուսուցիչները, Երգչախումբերու Ղեկավարները Կը Վերապատրաստուին ՀՀ-ի Մէջ

22 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄՇԱԿՈՅԹ:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի «Քայլ դէպի տուն» ծրագրի ծիրէն ներս, Յուլիս 21-ին, տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի երիտասարդ առաջնորդներու» եւ «Սփիւռքի ազգային պարի ուսուցիչներու եւ երգչախումբերու ղեկավարներու» վերապատրաստման դասընթացներու բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավարի տեղակալ Երեմ Սիմոնեան: «Ձեր կատարած աշխատանքին յաջողութենէն կախուած է օտար երկիրներու մէջ ապրող հայ մարդու, մանաւանդ՝ երիտասարդներու մէջ ազգային ինքնագիտակցութեան, նկարագրի ու մշակոյթի պահպանումն ու ամրապնդումը, տեղի համայնքներու կեանքին մէջ հնարաւորինս մեծ թիւով հայերու ընդգրկումը, համահայկական ներուժի եւ միասնական ազգային օրակարգի ձեւաւորումը»,- նշուած էր Զարեհ Սինանեանի խօսքին մէջ: Գլխաւոր յանձնակատարը կարեւոր համարած էր նաեւ այն հանգամանքը, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին՝ մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ամբողջութեամբ գտնուելու հայախօս միջավայրի մէջ, շփուելու հայերէնով, ծանօթանալու եւ հաղորդակից ըլլալու Հայաստանի հասարակական ու մշակութային իրողութիւններուն:

Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացին կը մասնակցի 24 երիտասարդ Իրանէն, Ֆրանսայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, ազգային պարի ուսուցիչներու եւ երգչախումբերու խմբավարներու դասընթացին` 20 սփիւռքահայ Իրաքէն, Իրանէն, Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն:

Վերապատրաստման դասընթացներու գործընկերներն են Երեւանի պետական համալսարանը, Պետական կառավարման ակադեմիան եւ World Vision կազմակերպութիւնը:

yerakouyn.com/2019/07/22/սփիւռքի-երիտասարդներն-ու-ազգային-պար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail