«Ողբերգական հեգնանք»մը… «UNESCO» – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան-­Գու­յում­ճեան

«Ողբերգական հեգնանք»մը… «UNESCO» – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան-­Գու­յում­ճեան

17 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄՇԱԿՈՅԹ:

Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան-­Գու­յում­ճեան

Ըն­թաց­քի մէջ է ար­դէն եւ ա­ւար­տի փու­լին (30 ­Յու­նիս – 10 ­Յու­լիս) «UNESCO»ի Հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան կո­մի­տէի 2019ի հա­մա­գու­մա­րը՝ ­Պա­գո­ւի մէջ:

Հին յու­նա­կան թա­տեր­գու­թեան մէջ «Ող­բեր­գա­կան հեգ­նանք» (τραγική ειρωνεία) սահ­մա­նում մը կայ, որ կը գոր­ծա­ծո­ւի, երբ թա­տե­րա­խա­ղին վե­րա­բե­րող «գաղտ­նիք» մը կամ պա­տա­հար մը ծա­նօթ է, բա­ցա­յայ­տո­ւած է հան­դի­սա­տես­նե­րուն, բայց ա­նոր մա­սին կ­՚ան­գի­տա­նան նոյ­նինքն դե­րա­կա­տար­նե­րը…: «Ող­բեր­գա­կան հեգ­նանք» մըն է «UNESCO»ի ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան կո­մի­տէի 2019ի հա­մա­գու­մա­րը ­Պա­գո­ւի մէջ կա­տա­րե­լու ո­րո­շու­մը:

Բա­ցի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն ու մաս­նա­կից­նե­րէն, չգիտ­ցող չկայ, թէ ին­չու ան­բա­րո­յա­կան է մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան օ­րա­կար­գով մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մար կազ­մա­կեր­պե­լը երկ­րի մը մէջ, ուր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն­ներ քա­րու­քանդ կ­՚ըլ­լան ի լուր եւ ի տես ա­րար աշ­խար­հին:

Սա­կայն խնդի­րը «ող­բեր­գա­կան հեգ­նան­քը» չէ այն­քան, որ­քան հայ­կա­կան կող­մին կրա­ւո­րա­կան ու պա­ղա­րիւն՝ լուռ դի­տո­ղի դե­րին մէջ գտնո­ւիլն է:

Յայտ­նօ­րէն Ատր­պէյ­ճան մեծ գու­մար­ներ կը տրա­մադ­րէ ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան ծա­ւա­լուն աշ­խա­տանք կը տա­նի, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րու վրայ ինք­զինք քա­ղա­քա­կիրթ ու յա­ռա­ջա­դէմ ցոյց տայ: Իսկ մե՞նք, դեռ յան­կար­ծա­կիի՞ կու գանք, նոյ­նիսկ հա­կազ­դե­լու մէջ կը թե­րա­նանք…

Փո­խա­նակ դի­ւա­նա­գի­տա­կան մեծ աղ­մուկ բարձց­նե­լու, լուռ ենք ու չենք հա­կազ­դեր, երբ Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տու­թիւ­նը հայ պա­տո­ւի­րակ­նե­րուն հա­մա­գու­մա­րին մաս­նակ­ցու­թեան ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար ա­նոնց անվ­տան­գու­թիւ­նը չ’ե­րաշ­խա­ւո­րէր եւ «UNESCO»ն­ ալ կը հա­մա­կեր­պի այդ կա­ցու­թեան:

Բա­ցի դի­մա­տետ­րի վրայ բո­ղո­քի կարգ մը գրա­ռում­նե­րէն, լուռ մնաց ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, լուռ մնա­ցին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, կրօ­նա­կան պե­տե­րը եւ մեր մշա­կու­թա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը: Իսկ մա­մու­լը պէտք ե­ղած լրջու­թեամբ խնդրին ար­ձա­գան­գը չտո­ւաւ եւ ըստ սո­վո­րու­թեան ազ­գի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն պա­հան­ջա­տէր չե­ղաւ:

Բազ­մա­հա­րիւր հայ­կա­կան վան­քեր ու յու­շար­ձան­ներ կը քան­դո­ւին ե՛ւ ­Թուր­քիոյ ե՛ւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ: Այս հա­մա­գու­մա­րը ա­ռիթ չէ՞ր, որ յա­ռա­ջա­գու­նէ անհ­րա­ժեշտ նա­խա­տե­սու­թիւն­նե­րը եւ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լով ա­պա­հո­վո­ւէր մեր պա­տո­ւի­րակ­նե­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը հա­մա­գու­մա­րին եւ հոն՝ ի պաշտ­պա­նու­թիւն մեր յու­շար­ձան­նե­րուն եւ ի դա­տա­պար­տու­թիւն քան­դիչ­նե­րուն ուժ­գին բարձ­րա­ձայ­նո­ւէր:

Կ’են­թադ­րեմ, թէ… ուշ չէ տա­կա­ւին: Իբ­րեւ մէկ ան­դա­մը Մ.Ա.Կ.ին, կա­րե­լի է ա՛ռ­նո­ւազն բո­ղո­քել իր մէկ մարմ­նին՝ «UNESCO»ի դէմ, որ չկրցաւ ա­պա­հո­վել հայ պա­տո­ւի­րակ­նե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը, բայց եւ այն­պէս հա­մա­գու­մա­րը ­Պա­գո­ւի մէջ կա­յաց­նե­լու ո­րո­շու­մին վրայ մնաց, ինչ որ գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ է:

Ի՞նչ կ­’ը­սեն ար­դեօք մեր պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քե­րու վրայ գտնո­ւող­նե­րը..:

azator.gr/?p=13582

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail