«Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը Կը Մտնէ Իրականացման Փուլ» Կ՛ըսէ Դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի
23 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը ճիշդ ուղիի վրայ է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի:
«Թոյլ տուէք կրկնել նախագահ Թուսքի` Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնը. մենք այս պահուն գերազանց յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի հետ: Բոլոր գործօնները, որոնք հաշուի կ՛առնուին յարաբերութիւնները գնահատելու համար, թոյլ կու տան ըսել, թէ մենք աշխուժ ու բարեկամական յարաբերութիւններ ունինք: Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը կը մտնէ իրականացման փուլ: Մենք հայկական կողմին հետ կը քննարկենք այն ձեւերը, որոնցմով Եւրոպական Միութիւնը կրնայ աջակցիլ ճամբու քարտէսի իրականացման», ըսաւ դեսպանը:
Սվիթալսքի նշեց, որ նշանակալիօրէն աւելցած է Հայաստանին տրամադրուող ելեւմտական աջակցութեան մակարդակը: Դեսպանը նշեց, որ հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի տրամադրուող աջակցութիւնը աւելի մեծ է, քան` Վրաստանին տրամադրուած աջակցութիւնը:
Ըստ անոր, հայերուն 60 առ հարիւրէն աւելին դրական կ՛ընկալէ Եւրոպական Միութիւնը, կը վստահի, աւելի քան 70 առ հարիւրը տեղեակ է Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրուող ֆինանսական աջակցութեան:
«Իշխանութեան Ճիւղերու Կատարեալ Բաժանումը Չափազանց Կարեւոր Է Մեզի Համար»
Դեսպանը նաեւ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է դատաիրաւական բարեփոխումներու կատարման մէջ աջակցելու Հայաստանին:
«Եւրոպական Միութիւնը յստակ աջակցութեամբ հանդէս եկած է դատաիրաւական բարեփոխումներու հոլովոյթին նկատմամբ: Այդ աջակցութիւնը ներկայացուած է բարձրագոյն մակարդակով: Վստահ եմ, որ կը յիշէք, թէ նախագահ Թուսք ի՛նչ ըսած է Հայաստանի մէջ: Եւրոպական Միութիւնը միտուած է հայկական կողմի ջանքերուն իրականացման` իսկապէս անկախ, մաքուր, անբիծ, արդիւնաւէտ դատական համակարգ ստեղծելու ճամբուն վրայ: Մենք պատրաստ ենք ապահովելու քաղաքական, խորհրդատուական եւ ֆինանսական աջակցութիւն», ըսաւ ան:
Դեսպանին համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է տրամադրելու չափելի ֆինանսական աջակցութիւն դատաիրաւական բարեփոխումներու հոլովոյթին համար: «Այս հարցը քննարկուած է քանի մը օր առաջ: Մեր աջակցութիւնը չափազանց կարեւոր է ելեւմտական տեսանկիւնէն: Մենք կը սերտենք աջակցութեան երկու ուղղութիւն` ուղիղ, անմիջական աջակցութիւն եւ բազմամիլիոննոց աջակցութեան ծրագիր յառաջիկայ երեք-չորս տարիներուն համար: Մենք անհամբեր կը սպասենք շօշափելի ծրագիրներու, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՛ուրուագծէ: Մենք պատրաստ ենք այդ ծրագիրներուն ընդմէջէն Հայաստանին աջակցութիւն տրամադրելու», նշեց Փիոթր Սվիթալսքի:
Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը բարեփոխումներու որեւէ բնորդ չի պարտադրեր, Եւրոպական Միութեան մէջ չկայ մէկ միասնական բնորդ, որ պատշաճ կերպով պիտի գործէ: «Խնդիրներ կան նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան ընտանիքին մէջ: Այնպէս որ, Եւրոպական Միութիւնը ոչինչ կը պարտադրէ, սակայն մենք պատրաստ ենք խորհրդատուութիւն կատարելու, զօրակոչելու փորձագիտական ներուժը, կիսելու փորձառութիւնը: Եթէ Հայաստանին կը հետաքրքրէ որեւէ երկրի մէջ կատարուած փոփոխութիւններու բնորդը, փորձագէտները կ՛ըսեն` ինչը լաւ էր, ինչը` վատ, որպէսզի Հայաստան չկրկնէ սխալները», ըսաւ դեսպանը:
Խօսելով ընդդիմութեան քննադատութեան մասին, թէ իշխանութիւնը կը փորձէ ստեղծել կախեալ դատական համակարգ, Սվիթալսքի պատասխանեց. «Բարեփոխումները պէտք է կատարուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան համաձայն: Բարեփոխումներուն ուղղուած ջանքերը պէտք է ըլլան միջազգային չափանիշներուն համապատասխան: Երբ կ՛ըսենք անկախ դատական իշխանութիւն, մենք նկատի ունինք իրապէս անկախ դատարան, որ պաշտպանուած է անհարկի, ոչ օրինական միջամտութենէն: Իշխանութեան ճիւղերու կատարեալ բաժանումը չափազանց կարեւոր է մեզի համար: Ես որեւէ պատճառ չունիմ այս պահուս անհանգստանալու, որ միտում կայ թուլացնելու Հայաստանի մէջ դատական իշխանութեան անկախութիւնը»:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Նկատմամբ Եւրոպական Միութեան Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած»
Սվիթալսքի յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը նոյնն է. անիկա զինուորական լուծում չունի:
«Եւ ասիկա այն դիրքորոշումն է, որ հիմնուած է շարք մը հիմնարար սկզբունքներու վրայ. նախ եւ առաջ մենք հաւատացած ենք, որ այս տագնապին որեւէ զինուորական լուծում չկայ, անիկա միայն խաղաղ ճամբով կրնայ լուծուիլ, երկրորդ` մենք մեծապէս կը սատարենք Մինսքի խմբակի գործողութիւններուն», նշեց ան` շեշտելով, որ որեւէ պատճառ չկայ մտահոգուելու, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը փոխէ իր դիրքորոշումը:
«Ես վստահ եմ, որ պիտի լսէք բազմաթիւ ընդհանուր յայտարարութիւններ, որոնք արծարծուած են նաեւ Ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մէջ, եւ որոնք բացատրութիւն պիտի տան շահարկումներուն: Պէտք չէ շահարկել, որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը չափազանց կառուցողական է, նոյնիսկ` իր այդ դիրքորոշումը արտայայտած է տարբեր ձեւակերպումներով, խօսքերով, սակայն դիրքորոշումը չէ փոխած: Վստահեցէ՛ք մեզի», ըսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանը:
aztagdaily.com/archives/446878