Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Ստեփանակերտի Բարեկամ Քաղաք Կը Դառնայ

Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Ստեփանակերտի Բարեկամ Քաղաք Կը Դառնայ

24 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ռայտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որուն շնորհիւ քաղաքը Բարեկամ քաղաքի յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ։

Բանաձեւը ներկայացուած էր Ռայտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սարգիս Ետելեանի կողմէ, իսկ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը ջատագոված էր զայն, ապահովելով անոր միաձայն վաւերացումը։ Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցած էր նաեւ Աւստրալիոյ մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան։

Բանաձեւին վաւերացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք Արցախի Հանրապետութենէն բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը այցելութեան նախօրեակին։ Արդարեւ, Աւստրալիա պիտի այցելեն Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ խորհրդարանի անդամներ Դաւիթ Իշխանեան եւ Արտակ Ներսիսեան։

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսէրեան «պատմական» որակեց Ռայտի քաղաքապետական խորհուրդի այս որոշումը՝ յիշեցնլով, որ Ռայտ կը հանդիսանայ Աւստրալիոյ մէջ ամէնէն մեծ թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող քաղաքը։

Ցարդ Հայաստանէն դուրս առնուազան 21 այլ քաղաքներ պաշտօնական կապեր հաստատած են Արցախի քաղաքներուն հետ։

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Ռայտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր բանաձեւ մը, որ նեցուկ կը կանգնի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, նոյն ժամանակ կոչ կ՛ընէ կեդրոնական իշխանութիւններուն, որ պաշտօնապէս ճանչնան Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ ամրապնդեն Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները Արցախի ու անոր քաղաքացիներուն հետ:

asbarez.com/arm/351101/Աւստրալիոյ-Ռայտ-Քաղաքը-Ստեփանակերտի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail