ՆՇՄԱՐ- Թուրքիա Արեւմուտքին կռնակ կը դարձնէ՞. ռուսական մերձեցումը
24 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
«Ազատ օր»
Վերջին տարիներուն ընթացքին, ամէն անգամ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յարձակողապաշտ կեցուածքներ կը ցուցաբերէր Արեւմուտքի դէմ, Ուաշինկթընի մէջ արտաքին քաղաքականութեամբ զբաղողները համբերութիւն կը թելադրէին։ Էրտողանի «յոխորտումները» ներքին սպառողական բնոյթ ունէին, առանց անոնք զգալի ազդեցութիւն ունենալու Ն.Ա.Թ.Օ.ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն ոլորտին վրայ։
Ներկայիս, կացութիւնը ամբողջութեամբ փոխուած է։ Թուրքիան ամէն տեսակի քայլերու կը դիմէ Արեւմուտքին հետ իր կապերը խզելու համար՝ ի նպաստ Ռուսիոյ։ Էրտողանի համաձայնագիրը Ռուսիոյ հետ՝ S-400 հրթիռային համակարգը տեղադրելու համար Թուրքիոյ տարածքին, գրգրիչ շարժում մըն է Ն.Ա.Թ.Օ.ի եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան համար։ Առաւել, Թուրքիան լուրջ հարցականի տակ դրած է Եւրոպական Միութեան հետ իր կապերը, Կիպրոսի ազատ տնտեսական գօտին մէջ բնական կազի ապօրինի հորատման պատճառով։
Միացեալ Նահանգներ եւ Ե.Մ. արդէն յստակ պատժամիջոցներ յայտարարած են, որոնք կը միտին Թուրքիան «կարգի բերել»։ Սակայն, նախագահ Էրտողան զանոնք հեգնանքով ու կոպտութեամբ կը դիմագրաւէ։
Արեւմուտքի մէջ լուրջ մտահոգութիւններ կը ծագին, թէ որքանով Թուրքիան արժանահաւատ դաշնակից մը կը շարունակէ ըլլալ։ Հակառակ այն իրողութեան, թէ Ն.Ա.Թ.Օ.ի կանոնագրութեան մէջ անդամ երկրի մը վտարման նախատեսումներ գոյութիւն չունին, յստակ կը դառնայ, որ Էրտողան օրըստօրէ աւելի կը հեռանայ Արեւմուտքի իր դաշնակիցներէն։ Քաղաքական փորձագէտները կը պնդեն, թէ այլեւս Ն.Ա.Թ.Օ.ն եւ Ե.Մ.ը պարտաւոր պիտի ըլլան լուրջ կերպով դիմագրաւել Էրտողանի կեցուածքները։ Արդէն, Էրտողան յայտարարած է.- «Եթէ Եւրոպական Միութիւնը ըսէ՝ չենք ընդունիր Թուրքիան, մենք ալ կը հանգստանանք ու կանցնինք մեր «B» եւ «C» ծրագիրներուն»:
Էրտողանի արկածախնդիր քաղաքականութեան լոյսին տակ, Ն.Ա.Թ.Օ.ն եւ Եւրոպական Միութիւն պատրաստ ե՞ն յառաջ երթալ, առանց նկատի առնելու Թուրքիոյ անդամակցութիւնը արեւմտեան ատեաններէն ներս։
Իսկ, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու խորացման թրքական որեւէ փորձ, վստահաբար՝ զգալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ կովկասեան տարածաշրջանի հիմնախնդիրներուն վրայ։ Այս վերջինը պէտք է լուրջ վերլուծումի հարց դառնայ Հայաստանի քաղաքական միտքին կողմէ։
Yerakouyn.com/2019/07/24/նշմար-թուրքիա-արեւմուտքին-կռնակ-կը-դա/