1.437 Միլիոն Տոլար Հաւաքուեցաւ Ի Նպաստ Գիւմրիի Բնակարանային Ծրագիրին

1.437 Միլիոն Տոլար Հաւաքուեցաւ Ի Նպաստ Գիւմրիի Բնակարանային Ծրագիրին

23 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը (Armenia Fund USA) հանգանակային ծաւալուն արշաւի մը նախաձեռնած է՝ ի նպաստ Գիւմրիի մէջ գործադրուելիք բնակարանային ընդլայնուած ծրագիրին:

Այս արշաւին ի նպաստ կազմակերպուած պատկերասփիւռային յատուկ դրամահաւաքը (թելեթոն) տեղի ունեցաւ Յուլիս 14-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «ARTN TV» կայանին համագործակցութեամբ։ Անոր, ինչպէս նաեւ անոր զուգահեռ մօտաւորապէս ամիս մը տեւած հեռաձայնային դրամահաւաքին (ֆոնըթոն) եւ կարգ մը նուիրատուներու, յատկապէս՝ Ֆրանսայէն կատարուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ՝ կարելի եղաւ գոյացնել 1,437,400 տոլար գումար մը։

«Գիւմրիի տօնակատարութիւն» խորագրուած պատկերասփիւռային դրամահաւաքին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Գիւմրիի ինքնուրոյն ժողովուրդը, մշակութային հաստատութիւնները եւ նուաճումները, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ սփռուեցան Հայաստան հիմնադրամի բնակարանային ծրագիրին մասին:

Նշեալ բնակարանային ծրագիրը կը կրէ «Մեր Գիւմրին» անունը: Ծրագիրին շնորհիւ վերանորոգուած, ամբողջովին կահաւորուած եւ տնային բոլոր անհրաժեշտ կազմածներով օժտուած յարկաբաժիններ պիտի յատկացուին 40 անտուն ընտանիքներու: Նոյնքան յատկանշականօրէն՝ ծրագիրը նպաստառու ընտանիքներուն համար ապրուստի միջոցներ պիտի տրամադրէ՝ անոնց ներկայացնելով աշխատանքային մարզումի եւ գործի բազմատեսակ պատեհութիւններ: Նշեալ բնակարանային համալիրը նաեւ պիտի ունենայ իր մանկապարտէզը։

Հայաստան հիմնադրամի Արեւ-մտեան Ամերիկայի մասնաճիւղը Գիւմրիի մէջ անտնութեան դէմ պայքար մղած է 2014-էն ի վեր, վերանորոգուած ու կահաւորուած յարկաբաժիններ յատկացնելով չքաւոր ընտանիքներու, որոնք տակաւին կ՛ապրէին խախուտ, հակաառողջապահական խրճիթներու՝ այսպէս կոչուած տոմիկներու մէջ: Ցարդ գրեթէ 55 ընտանիքներ յարկաբաժիններ ստացած են շնորհիւ ծրագիրին։ Այս դրամահաւաքով, արմատապէս կարելի պիտի ըլլայ ընդլայնել այս ծրագիրը՝ նպատակ ունենալով ո՛չ միայն արագացնել բնակարանային օժանդակութեան ընթացքը, այլ նաեւ նպաստառուներուն շնորհել բարեկեցութեան առաջնորդող աննախընթաց առիթներ:

«Այսօր կրցանք նոր բարձունք մը նուաճել, արագացնելու համար երկրաշարժին սպիները ջնջելու մեր ջանքերը։ Այս նուաճումը եղաւ շնորհիւ մեր կամաւորներուն եւ բարեկամներուն՝ աշխարհի տարածքին։ Մեր նպատակը Գիւմրիի մէջ բազմաթիւ յաւելեալ ընտանիքներ անտնութեան նուաստացումէն փրկելն է, այսպիսով նաեւ սատարելով այդ հոյակապ քաղաքի շարունակուող վերականգնումին», կը յայտնէ Հայաստան հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղի նախագահ Մարիա Մեհրանեան։

Իր կարգին, Հայաստան հիմնադրամի գործադիր վարիչ Հայկակ Արշամեան կը յայտնէ, թէ դրամահաւաքը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակուի համացանցի կամ հեռաձայնի միջոցաւ, որուն կարելի է միանալ՝ այցելելով armeniafund.org/donate կայքէջը կամ հեռաձայնելով (800) 888-8897 թիւին։

hayernaysor.am/cl/archives/315256

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail