26 ՅՈՒԼԻՍ 2019 –
Յիշէ՛ք, հայեր, բալիկներուդ՝
Դեռ ծիլ ընկած գալիքներուդ,
Որ քեզ ամառ պիտի տային,
Բայց կէս ճամբին ընկան կիսատ՝
Դեռ չտեսած հողն Արարատ:
(Յովհաննէս Շիրազ)
1983էն ի վեր, առանց ընդմիջումի, Սփիւռքի երիտասարդութիւնը ու անոր կողքին հայութիւնը կը նշէ Լիզպոնի հինգ տղոց ողջակիզման սխրագործութիւնը։ Հաւաքները, յիշատակի արարողութիւնները, խօսքերն ու պատգամները կու գան յիշեցնելու Յուլիսի այն օրը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը ցնցուեցաւ հինգ անձնազոհ հերոսներու անսպասելի արարքով։ Հայ ազատագրական պայքարի նոր ծաւալումը արդէն իր պտուղները տուած էր նախորդ տարիներուն, սակայն, Լիզպոնի գործողութիւնը, իր էութեամբ ու անոր ունեցած արձագանգով, եզակի դէպք մը եղաւ ու ոտքի հանեց հայ ժողովուրդը, ապա ուժգին կերպով ցնցեց ամբողջ քաղաքական աշխարհը եւ Թուրքիան, որ ամենեւին չէր սպասէր, թէ խումբ մը հայ երիտասարդներ պիտի կարողանային տէր դառնալ թրքական դեսպանատան մը ու այդ արարքով աշխարհի ուշադրութիւնը պիտի դարձնէին հայութեան վրայ։
Ամէն տարի՝ 27 Յուլիսի օրը, ըլլա՛յ հինգ բալիկներու շիրիմին վրայ, ըլլա՛յ Սփիւռքի բոլոր հայօճախներուն մէջ, իրերայաջորդ հայ երիտասարդ սերունդներ հաւատարմութեան եւ պայքարի նոր խոստումներ կու տան ու իրենց ուխտը կը վերանորոգեն։ Այլեւս, ծնողներ դարձած 1983ի օրերու սերունդները, իրենց պատանի եւ հասուն տարիքի զաւակներուն հետ միասնաբար, բռունձք կը բարձրացնեն լուռ պոռկթումի մը յետադարձ նայուածքով դէպի այն օրը, երբ տակաւին իրենց երիտասարդութիւնը չապրած հինգ տղաներ կերոններու նման վարեցան՝ յանուն հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու պահանջին ու արդար ցասումին՝ հայասպան թուրքին հանդէպ։
Որքա՜ն ալ տարիները անցնին, որքա՜ն ալ ժամանակի բնական թաւալումին պատճառով հինգ տղոց յիշատակէն հոգեկան կապի խզումի նշոյլներ յառաջ գան, Սփիւռքի մէջ հասակ նետած սերունդները պիտի շարունակեն խոնարհիլ անոնց յիշատակին եւ յարգանքի տուրք մատուցանել անոնց թողած աւանդին։
Խորհրդային տարիներուն, Հայաստան աշխարհին մէջ՝ թէկուզ լուռ կերպով, Լիզպոնի արարքը կը վարէր կայծը հայրենի երիտասարդութեան սրտերուն մէջ, որոնք կը ներշնչուէին մեծ բանաստեղծի՝ Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի ողջակէզներին» նշանաւոր ստեղծագործութեամբ, որ մինչեւ այսօր իր հնչեղ բառերով, պայքարի վերանորոգման ինքնատիպ ուխտ մը կը շարունակէ մնալ։ 1988ի Արցախի պայքարի ազդանշանը տուած կայծը պէտք է փնտռել նաե՛ւ Լիզպոնի Հինգի ողջակիզման մէջ։ Ո՛չ միայն սփիւռքահայը, այլեւ Հայաստանի ու Արցախի երիտասարդը հոգեպէս իր մէջ դրոշմեց Սարգիսի, Սեդրակի, Արայի, Սիմոնի եւ Վաչէի պայքարունակ վճռակամութիւնը, երբ հինգ բալիկները յաղթական պայքարի պատգամ կը ղրկէին համայն հայութեան։
Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն LEM
Այսօր, ցաւով կը նշմարենք, թէ Հայաստանի մէջ, Լիզպոնի հերոսական արարքը բացի գաղափարական ոգիով ներշնչուած երիտասարդութեան խաւէ մը, նշումի արժանի չի դառնար հայրենի ընկերութեան կողմէ։ Պիտի սպասուէր, որ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հինգ տղոց ողջակիզումը ըլլար հայ հողին վրայ հասակ նետած իւրաքանչիւր հայորդիի ուխտի բագինը։ Յանցանքներ չփնտռել երիտասարդութեան մօտ։ Պատճառները պէտք է փնտռել մեր հայրենիքի քաղաքական միտքին մէջ, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք չուզեց, չկարողացաւ, քաղաքական յանդգնութիւն չունեցաւ արժանի տուրք մատուցելու Լիզպոնի հերոսագործութեան, որպէս շաղկապը 19-20րդ դարու հայ ազատագրական պայքարի պատմական աւանդին ու արցախեան հերոսապատումի բոցավարումին։Լիզպոնի հինգ տղոց սխրագործութիւնը չի պատկանիր «Հայ յեղափոխական բանակ»ի պատմութեան, ո՛չ ալ ազատագրական պայքարի գաղափարական համոզումով ապրող՝ միա՛յն երիտասարդական զանգուածի մը ներշնչման աղբիւրը պէտք է հանդիսանայ։ Լիզպոնը կը պատկանի որեւէ քաղաքական եւ գաղափարական հակում ունեցող հայ երիտասարդին, ու աւելին՝ այն ամէն մէկ հայորդիի համար հայրենի հողին կապուելու ազդակը պիտի ըլլայ, որպէս հայու հերոսական սխրագործութեան նորանոր մարմնացում, համազօր՝ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան հերոսական դրուագներուն։
Երբեք ուշ չէ, որպէսզի հայ քաղաքական միտքը իր արժանի տեղն ու նշանակութիւնը տայ Լիզպոնի սխրանքին։ Հայ ժողովուրդի վերընձիւղման ոգեւորութեան մէջ պէտք չէ մտահան ընել, թէ Լիզպոնի տղոց ողջակիզումը անձնական փառասիրութեան, երիտասարդական ջահելութեան մը հետեւանքը չէր, այլ անիկա եղաւ գերագոյն եւ անփոխարինելի օրինակը՝ հայ երիտասարդի պայքարունակ ոգին վերանորոգելու ջանքերուն մէջ ։
Ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, Լիզպոնի տղոց հերոսութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ պատէ հայ երիտասարդը։ Հայրենիքի վերազարթնումին միտող ամէն բնոյթի ազգային, քաղաքական ու ընկերային զարգացումներուն մէջ, պարտինք տեսնել հինգ տղոց օրինակելի պատկերը, որպէս հայ ժողովուրդի խաղաղ յարատեւման երաշխիք։ Խաղաղ յարատեւումը, նախ եւ առաջ՝ կը պահանջէ բոլոր ժամանակներուն մէջ տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի հերոսական աւանդին։ Այն կը նշանակէ՝ տէր կանգնիլ Հայաստանի ու հայութեան արդար Դատին։
azator.gr/?p=13689