Ուքրանիա Արգելանքի Տակ Առաւ Ռուսական Քարիւղատար Նաւ Մը. Ռուսիա Կը Զգուշացնէ Այդ Քայլին Հետեւանքներէն
26 ՅՈՒԼԻՍ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ուքրանիոյ Անվտանգութեան ծառայութիւնը արգելանքի տակ առած է ռուսական քարիւղատար նաւ մը, որ նոյեմբեր 2018-ին մասնակից եղած է Քերչի նեղուցին մէջ ուքրանական երեք նաւեր կալանքի տակ առնելու գործողութեան:
«ՆԷՅՄԱ» քարիւղատար նաւը, ըստ ուքրանական աղբիւրի մը, փորձած է մուտք գործել Իզմայիլի նաւահանգիստ` «ՆԻՔԱ ՍՓԻՐԻԹ» անունով: Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Զինուորական դատախազութեան տուեալներով` քարիւղատար նաւը անուանափոխած են «ապօրինի, յարձակողական գործողութիւններուն մասնակցութիւնը թաքցնելու նպատակով»: Քարիւղատարը կարելի եղած է բացայայտել միջազգային տեղեկատուութեան համակարգի օգնութեամբ:
Ըստ «Ռաշա Թուտէյ»-ի, ուքրանական իշխանութիւնները 7 նաւաստիներ կալանաւորած են:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ատիկա շատ վատ լուր է: Քիեւի մէջ մէկը կ՛ուզէ շարունակել 25 նոյեմբերի սեփական սարդանքը: Մենք մանրամասնօրէն պիտի պարզենք իրավիճակը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնած է. «Մոսկուա տեղեակ է ուքրանական Անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ ռուսական քարիւղատար նաւը արգելանքի տակ առնելու լուրին մասին, եւ ուքրանական իշխանութիւններէն բացատրութեան կը սպասենք: Ուքրանիան լաւ պէտք է մտածէ այս քայլին հետեւանքներուն մասին»:
«Անհրաժեշտ քայլերը պիտի որդեգրենք, եւ չեմ ուզեր հաւատալ, թէ ասիկա ընտրութիւններէն ետք ուքրանական իշխանութիւններուն առաջին քայլն է, ինչպէս նաեւ չեմ ուզեր հաւատալ, որ ասիկա փոխանակման բան հաւաքելու միջոցի մը արդիւնք է: Ուքրանիան լաւապէս պէտք է մտածէ տեղի ունեցածին հետեւանքներուն մասին», նշեց աղբիւրը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած են. «Եթէ խօսքը ռուսեր պատանդ վերցնելու մասին է, ապա ատիկա կ՛որակուի իբրեւ միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում, եւ հետեւանքները չեն ուշանար»:
aztagdaily.com/archives/447400